Վանք Գիւղը Շուրջօրեայ Ջուր Պիտի Ունենայ

Հայաստան

Վանք գիւղի յարակից տարածքին մէջ` Խաչէն գետի մօտ, փորուած է արտեզեան նոր ջրհոր 102մ խորութեամբ։ Ըստ «Արցախփրես”-ի՝ ըսած է Վանքի համայնքի ղեկավար Անտրէ Սարգսեան:

Անոր խօսքով` ջրհորի ջուրը պիտանի է խմելու համար: Ներկայիս պետական ամավարկի միջոցներով տարածքին մէջ տեղի կ՛ունենան շինարարական աշխատանքներ, որոնք պիտի աւարտին քանի մը օրէն:

«Աշխատանքներու աւարտին նոր ջրհորը պիտի գործարկուի, եւ համայնքն ամբողջութեամբ  խմելու ջուր պիտի ունենայ։ Վանքի մէջ ջրամատակարարման արդիականացուած ցանց կայ, սակայն գիւղը ապահովուած չէ ոռոգման ջուրով:

Ներկայիս բնակիչներուն ջուրը կը տրամադրուի օրական մէկ ժամով, իսկ նոր ջրհորի գործարկումով գիւղը պիտի ունենայ շուրջօրեայ ջրամատակարարում»,- նշած է Սարգսեան: