Այսօր Հայ Եկեղեցին Կը Նշէ Յիսուս Քրիստոսի Անուանակոչութեան Տօնը

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Ս. Ծննդեան ութերորդ օրը Յիսուս Քրիստոսի անուանակոչութեան տօնն է։ Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատգամին համաձայն, որ տեղի ունեցաւ Աւետումին օրը։ Յովսէփ եւ Մարիամ հրէական օրէնքի համաձայն Յիսուսը տարին տաճար՝ թլփատել տուին եւ մանուկին անունը Յիսուս դրին։

Յիսուս անունը կը նշանակէ Փրկիչ, իսկ Քրիստոս՝ Օծեալ Տէր։ Յիսուս նաեւ կ՚անուանուի հետեւեալ անուններով՝ Մեսիա, Քրիստոս, Էմմանուէլ, Փրկիչ, Մեծ Վարդապետ։

Հայ Եկեղեցին Քրիստոսի Անուանակոչութեան եւ Թլփատութեան տօնը կը նշէ Յունուար 13-ին, որպէս անշարժ տօն։