Category: Սփիւռք
Կոմիտասի Նուիրուած «Նուագ»ի Ալպոմը Պիտի Հրապարակուի Ապրիլ 24-ին
Պատանի եւ երիտասարդ երաժիշտներ քաջալերող եւ անոնց նեցուկ կանգնող բարեսիրական «Նուագ» հիմնարկի նորագոյն արտադրութիւնը նուիրուած է Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններուն։ «Ասպարէզ»-ի տեղեկութիւններով՝ «Չեմ Կրնայ Խաղալ» խորագրուած եւ հինգ երգեր ընդգրկող ալպոմը […]
Հայ Դատի Յանձնախումբը Արցախի Հարցով եւ Համավարակի Դէմ Պայքարի Օժանդակութեանց Գծով Խորհրդակցեցաւ Գանատայի Խորհրդարանի Անդամներու Հետ
Ապրիլ 15-ին, Գանատայի փոխադրամիջոցներու նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Թերի Պիչի հրաւէրով կայացաւ տեսակապով հանդիպում, որուն մասնակցեցան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը եւ Գանատայի Խորհրդարանի անդամներ Հէտի Ֆրայ, Ռանտիփ Սարայ եւ […]
Արցախի Տրամադրուելիք Ամերիկեան Օժանդակութիւնը Փրկելու Կոչ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ ամերիկահայերուն, որ դիմեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն՝ անոնցմէ խնդրելով, որ ստորագրեն Արցախի Հանրապետութեան տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութեան առաջարկը փրկելու նպատակով ծերակուտական Պապ Մենենտեզի հեղինակած նամակին տակ։ […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Տիար Արայիկ Յարութիւնեանի Ընտրութիւնը Իբրեւ Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան
Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր վսեմաշուք նախագահ տիար Արայիկ Յարութիւնեանին ուղղած նամակով մը շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը։ Իր նամակին մէջ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Արցախի հանրապետութեան ամրացումը, […]
Ջանք ու Հնարաւորութիւն Չենք Խնայեր Այս Պայքարը Նուազագոյն Կորուստներով Յաղթելու Համար․ Զարեհ Սինանեան (տեսանիւթ)
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան տեսաուղերձով դիմած է արտերկիր գտնուող մեր հայրենակիցներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն սփիւռքեան կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք գործնական եւ մասնագիտական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն […]
17-ամեայ Աղջկայ Նպաստը՝ Կապանի Բուժաշխատողներուն. Բարեգործութիւնը Սահմաններ Չունի
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բնակող, արմատներով կապանցի 17-ամեայ Էլենա Հայրապետեան՝ կարեւոր համարելով ու գնահատելով բուժաշխատողներու ամենօրեայ ջանքերն ու նուիրումը «քորոնա» ժահրի կանխարգիլման եւ յաղթահարման ուղղուած քայլերուն գծով, փափաքած է իր համեստ […]
Քոնկրեսական Սփիր Կը Զօրակցի «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար Հայաստանին Յաւելեալ Նպաստ Տրամադրելու Կոչին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ճեքի Սփիր իր զօրակցութիւնը յայտնած է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար Հայաստանին առնուազն 25 միլիոն տոլարի յաւելեալ ամերիկեան աջակցութիւն […]
Վրէժ Աղաջանեան Ընտրուած է Կլենտէյլի Քաղաքապետ
Վրէժ Աղաջանեան ընտրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս մասին կը յայտնէ Massispost-ը: Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնին Աղաջանեան կը փոխարինէ հեռացող քաղաքապետ Արա Նաճարեանին: Վրէժ Աղաջանեան նախապէս […]
Ս. Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոս Ըսաւ Ու Միշտ Կ’ըսէ` Ձեզի Հետ Եմ, Մի՛ Վախնաք»
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի սրբազան խորանէն, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առաւօտուն, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կ՛ըսեմ մեր եկեղեցւոյ պարզ, բայց խորիմաստ […]
Իսրայէլի Նախագահը Զատիկի Տօնին Առիթով Շնորհաւորած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը
Իսրայէլական կողմի նախաձեռնութեամբ` Իսրայէլի նախագահ Ռէոււէն Ռիւլին հեռախօսազրոյց ունեցած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ եւ շնորհաւորած Սուրբ Յարութեան տօնը: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Երուսաղէմի […]










