Թրամփ Փաթրիք Յովակիմեանը Առաջադրած է Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնի Գրասենեակի Գլխաւոր Խորհրդականի Պաշտօնին

Աշխարհ, Սփիւռք

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի գրասենեակի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնին համար առաջադրած է Փաթրիք Յովակիմեանի թեկնածութիւնը։ Այս մասին “Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ News.am-էն։

Նշենք, որ ներկայիս Յովակիմեան կը զբաղեցնէ գլխաւոր դատախազի տեղակալ եւ գլխաւոր դատախազի տեղակալի շտապի ղեկավար Ճեֆրի Ա. Ռոզէնի օգնականի պաշտօնը արդարադատութեան նախարարութեան մէջ:

Բացի այդ, ան Արդարադատութեան նախարարութեան առընթեր արտասահմանեան պետութիւններու պահանջներու կարգաւորման յանձնաժողովի անդամ է: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրուած էր նախագահին կողմէ եւ հաստատուած էր Ծերակոյտի կողմէ 2018 թուականին: