Քեմալական Կուսակցութեան Նախկին Փոխնախագահը Կուսակիցները Կը Յորդորէ Չշեղիլ Հակահայկական Քաղաքականութենէն

Աշխարհ, Էրկիր, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր քաղաքական ուժի` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի հիմնադրած Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլուն կոչ ուղղած է սեփական անցեալին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առթիւ ընկերային ցանցի իր էջին վրայ Թանրըքուլուն գրած է․ «24 Ապրիլ 1915-ին հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ ձերբակալուեցան Պոլսոյ մէջ եւ Չանքըրը ու Անգարա տարուեցան եւ անհետ կորսուեցան: Եւ որովհետեւ անցեալի հետ տակաւին չենք առերեսուած, վէրքերը երբեք չեն բուժուիր»:

Այս առնչութեանբ եւ ԺՀԿ-ի քանի մը անդամներու կողմէն նախապէս ցեղասպանութեան մասին կատարուած այլ նմանատիպ յայտարարութիւնները Թուրքիոյ մէջ խիստ բացասական արձագանգ գտած են:

Արձագանգողներէն մէկն է նոյն կուսակցութեան նախկին փոխնախագահ, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օնուր Օյմէն, որ իր որոշ կուսակիցներուն կոչ ուղղած էր հայկական հարցին մասին Աթաթուրքի կողմէն ձեւակերպուած դրոյթներէն չհեռանալու:

Օյմէն քեմալիզմի ազգայնական հիմքերով ստեղծուած եւ ներկայիս ձախակողմեան կողմնորոշում ունեցող ԺՀԿ-ի իր կուսակիցները յորդորած է վերընթերցելու կուսակցութեան ծրագիրը` մէջբերելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու մասին հատուածը:

«Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատումը կախեալ է այդ երկրի կողմէն ընդունուած ատրպէյճանական հողերէն դուրս գալու, աշխարհի հայկական կազմակերպութիւններուն միջոցով Թուրքիոյ դէմ ցեղասպանութեան պնդումներուն վրայ հիմնուած նախաձեռնութիւններէն հրաժարելու, Հայաստանի որոշ փաստաթուղթերու մէջէն Թուրքիոյ պատկանող որոշ հողերուն նկատմամբ հաւակնութիւններ ունենալու տպաւորութիւն ստեղծող ձեւակերպումներն ու խորհրդանիշերը հեռացնելու պայմաններու կատարումէն»:

Օյմէն նաեւ մէջբերած է Աթաթուրքի ճառերէն հատուած մը, ուր հանրապետութեան հիմնադիրը կտրականապէս կը ժխտէ հայկական կոտորածները` փոխարէնը մեղադրելով «մինչեւ ատամները զինուած» հայերը իսլամներու վրայ յարձակումներու եւ անմեղ ժողովուրդը կոտորած ըլլալու մեղադրելով։