Յունահայոց Թեմի Առաջնորդը Կը Զօրակցի Լիբանանահութեան

Սփիւռք

Լի­բա­նա­նի դի­մագ­րա­ւած սուր ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան տագ­նա­պի լոյ­սին տակ, այս դժո­ւար օ­րե­րուն, գա­ղու­թի հա­յու­թեան բա­րո­յա­պէս նե­ցուկ կանգ­նե­լու նպա­տա­կով, ­Լի­բա­նա­նա­հայ գա­ղու­թի պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը տե­սա­նիւ­թե­րով զօ­րակ­ցա­կան կո­չեր կը ստա­նան ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին գոր­ծող՝ ­Լի­բա­նա­նի մէջ ծնած, ազ­գա­յին, հո­գե­ւոր եւ հա­սա­րա­կա­կան պա­տաս­խա­նա­տու անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ։ Ս­տա­ցո­ւած տե­սա­նիւ­թե­րը հեր­թա­բար կը սփռո­ւին գա­ղու­թի ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ օր»-էն։

Ա­նոնց կար­գին, Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան տե­սա­նիւ­թով մը հե­տե­ւեալ ու­ղեր­ձը յղեց լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան։ «Ան­գամ մը եւս լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւ­նը իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վեր, ան­նա­խըն­թաց եւ ա­նակն­կալ ճգնա­ժա­մա­յին տագ­նապ կը դի­մագ­րա­ւէ։ ­Յար­գե­լով իւ­րա­քան­չիւր գա­ղու­թի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ­Լի­բա­նա­նը իր պե­տա­կան դրո­ւած­քով, իր բո­լոր տո­ւեալ­նե­րով եւ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով, կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հին մէջ։

­Լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւ­նը թիւ չէ, այն ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հին հա­մար ան­զու­գա­կան եւ ռազ­մա­վա­րա­կան դիրք է, միջ­նա­բերդ է, ա­նոր հա­մար ալ չենք կրնար ձգել որ կքի, տա­կա­ւին շատ ը­նե­լիք­ներ ու­նի։ Ան­գամ մը եւս կը հաս­տա­տեմ, որ ­Լի­բա­նա­նի մեր թան­կա­գին ազ­գա­յին­նե­րը, երկ­րէն ներս եւ դուրս, ի­րենց բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ, ճգնա­ժա­մեր յաղ­թա­հա­րե­լու բարձր գի­տակ­ցու­թիւն ու­նին։ Ու­րիշ ելք չկայ, բո­լորս միա­սին այս ճշնա­ժամն ալ պի­տի յաղ­թա­հա­րենք»։