Կարօ Փայլան Խիստ Յանդիմանած է Էրտողանը՝ Անոր Վերջին Աղմկայարոյց Արտայայտութեան Պատճառով

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն (HDP-ԺԴԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին աղմկայարոյց արտայայտութեան։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Էրտողանը, խօսելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին, նշած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան «սուրի աւելցուկ» ահաբեկիչներ, որոնց թոյլ պիտի չի տան որեւէ գործողութիւն իրականացնելու։

Փայլան, ի պատասխան Էրտողանի այս յայտարարութեան, գրառում կատարած է Facebook-ի իր էջին վրայ.

«Էրտողանը՝ երէկ երեկոյեան իր ատելութեամբ լեցուն ելոյթի ժամանակ՝ դարձեալ օգտագործեց «սուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնը։

Այդ արտայայտութիւնը կ՝օգտագործուի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած որբերը բնորոշելու համար, ինչպէս օրինակ տատիկս է։ Ամէն անգամ այս արտայայտութիւնը լսելով՝ մեր վէրքերէն դարձեալ արիւն կու գայ։ Ատիկա շատ անգութ արտայայտութիւն է»։