Category: Սփիւռք
Ժողովրդային Զօրակցական Հաւաք Իրաքլիոյի Մէջ
«Ազատ Օր» Չորեքշաբթի երեկոյեան, Աթէնքի ժողովրդային ցոյցին զուգահեռ, Կրետէ կղզիին մէջ ապրող հայութիւնը միասնաբար հաւաքուելով Իրաքլիոյի կեդրոնական հրապարակին վրայ, իր զօրակցութեան ձայնը լսելի դարձուց Արցախի մէջ քաջաբար դիմադրող հայ զինուորին։ […]
Յունաստանէն Ցարդ 200.000 Եւրօ՝ Արցախի Համար
Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի ճակատին վրայ մարտնչող հայ զինուորի օգտին կատարուող համահայկական հանգանակութեան ծիրէն ներս, Յունաստանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու կողմէ ցարդ եղած նուիրատուութիւններէն՝ 200.000 […]
Աթէնքի Հայութիւնը Խուռներամ Շարքերով Պահանջեց Արցախի Միջազգային Ճանաչումը. Բողոքի Քայլարշաւ եւ Ցոյց Դէպի Թրքական Դեսպանատուն (լուսանկարներ)
«Ազատ Օր» Աւելի քան 2000 հոգի, ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կոչին, Չորեքշաբթի՝ 14 Հոկտեմբեր 2020ի երեկոյեան, հաւաքուեցաւ Աթէնքի կեդրոնական «Սինտաղմա» հրապարակին առջեւ, մասնակցելու համար բողոքի քայլարշաւին եւ ցոյցին դէպի […]
«Կարօ Փայլանի Կողքին Ենք» Նշանաբանով Արշաւ
Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը իր բոլոր միջոցներով կը փորձէ հրահրել Արցախի շուրջ հետզհետէ սաստկացող պատերազմը։ Պոլսահայ «Ակօս»-ի տեղեկութիւններով՝ այդ ընթացքին մէջ կարգ մը շրջանակներ ալ կը փորձեն ատելութեան մթնոլորտէն օգտուելով՝ հալածել […]
Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող 750,000 Դիմումներ՝ Քոնկրեսին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 14 Հոկտեմբերին տեղեկացուց, թէ ցարդ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն առաւել քան 750,000 դիմումներ կատարուած են Քոնկրեսին՝ պահանջելով անկէ, որ ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն դէմ […]
Գալամաթայի եւ Գոմոթինիի Հայութեան Զօրակցական Հաւաքներ
«Ազատ Օր» Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք մեր անցեալ թիւերով, Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմի առաջին օրերէն, Գալամաթայի հայութիւնը ոտքի կանգնեցաւ եւ հայկական խաչքարին առջեւ կատարած հաւաքով իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց բանակին։Անկէ […]
Պաքուն Դատապատելու Կոչով՝ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի Եւ Արցախի Յատուկ Յանձնախումբը Կը Դիմէ Բոլոր Օրէնսդիրներուն
Քալիֆորնիա նահանգի օրէնսդիր մարմինին մէջ հաստատուած՝ Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի առեւտուրի եւ արուեստի ու մշակոյթի փոխանակման յատուկ յանձնախումբը նամակներով դիմած է նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի բոլոր անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց, […]
Դէպի Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչում՝ Այլ Ընտրանք Չկայ
Թուրքիոյ անմիջական հովանաւորութեամբ եւ ահաբեկիչներու ու վարձկաններու մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը Արցախի դէմ մեզ դրաւ նոր իրականութեան մը դիմաց՝ իր զինուորական, քաղաքական, իրաւական եւ աշխարհաքաղաքական երեսներով ու հետեւանքներով: Հետեւաբար, ներկայ […]
Թուրքիոյ Վարքագիծը Կը Ստիպէ, որ Հայերը Իրենց Վատ Զգան. Էսդուգեան
Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս»-ի հայերէն բաժինի խմբագիր, հայ համայնքի շրջանակներուն մէջ ծանօթ հասարակական գործիչ Բագրատ Էսդուգեան «Euronews»-ի թրքական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է արցախեան հիմնախնդիրին եւ վերջին զարգացումներուն։ […]
Դատապարտելով Սրբավայրերու Ռմբակոծումը . Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Շինիչ Երկխօսութեան
Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յայտարարութիւն մը կատարեց` կոչ ուղղելով զինադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ դատապարտելով Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը երէկ իր խոր մտահոգութիւնը […]










