Սփիւռքը Կարեւոր Դեր Ունի Արցախի Միջազգային Ճանաչման Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն ուղղած իր շրջաբերական նամակին մէջ շեշտեց, թէ «Արցախի միջազգային ճանաչման ժամը հնչած է։ Յատկապէս Սփիւռքը, իր քարոզչական ու յարաբերական լայն կարելիութիւններով […]

Վանգուվըրի ՀՕՄ-ի Արազ Մասնաճիւղը Շտապօգնութեան Ծրարներ Ուղարկեց Արցախ

Վանգուվըրի ՀՕՄ-ի Արազ Մասնաճիւղը Արցախի եւ Հայաստանի վրայ նորագոյն յարձակումներէն տուժած հայերուն անմիջական աջակցութիւն հասնցելու համար առողջապահական նպաստ ուղարկեցին Հայաստան եւ Արցախ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»-ը։ Հայ ժողովուրդի դարաւոր […]

Ամերիկահայերու Հաւաքած Մարդասիրական Բեռը Հասաւ Հայաստան

Ազրպէյճանի սկսած պատերազմէն Արցախի մէջ տուժած խաղաղ բնակիչներուն համար ամերիկահայ համայնքի հաւաքած մարդասիրական բեռով «Qatar airways» ընկերութեան օդանաւը Հոկտեմբեր 19-ին, Երեւանի ժամանակով ժամը 12:17-ին ժամանեց Հայաստան:  «Բեռնափոխադրումը ի վերջոյ հնարաւոր […]

Հալէպահայութիւնը Իր Նորահաս Սերունդներով Արցախի Կողքին

Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 18 Հոկտեմբերին աւելի քան 1500 հալէպահայեր հաւաքուած էին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակ, Հալէպէն իրենց զօրակցական կոչը ուղղելով Արցախի անկախ հանրապետութեան, անոր յաղթական բանակին ու […]

Յունաստանի Հայերը Դատապարտած են Ազրպէյճանն ու Թուրքիան՝ Փակելով Յոյն- թրքական Անցակետը

Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սկսած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով՝ Յունաստանի մէջ ապրող բազմաթիւ հայեր իրենց բողոքը արտայայտած են ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ: Անոնք Հոկտեմբեր 19-ի վաղ առաւօտեան Ալեքսանդրուպոլիս քաղաքի կեդրոնէն ինքնաշարժներով […]

Լիբանանահայութիւնը Կը Մասնակցի «Գոյամարտը Յաղթելու Ենք» Ժողովրդային Հանգանակութեան

Արցախեան պատերազմի բռնկման առընթեր, ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքը տենդագին լծուած է տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններ Արցախ հասցնելու աշխատանքին: «Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ ՀՅԴ Լիբանանի կոմիտէներ եւ կազմակերպական միաւորներ դիմած են ժողովրդային հանգանակութեան: Լիբանանեան տարբեր […]

Սամցխէ-Ջաւախքի Հայերը Ցոյցեր եւ Դրամահաւաք Կազմակերպած են

Համայն հայութիւնը Սամցխէ-Ջաւախքի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Վրաստանի մէջ համախմբուած ուժերով կը փորձեն իրենց օգնութիւնը ցուցաբերել Արցախին:  Այդ օգնութիւնը տարբեր ձեւերով կ՛արտայայտուի:   «Ջաւախքի մէջ այս օրերուն այն ինչ կը կատարուի, կարելի […]

Ամերիկահայերը Քոնկրեսէն Կը Պահանջեն Պատժամիջոցներ Սահմանել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի Նկատմամբ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հազարաւոր հայեր եւ օտարներ, որոնք կը սատարեն հայ ժողովուրդին, Հոկտեմբեր 15-ին բողոքի ցոյց կազմակերպած են Ուաշինկթընի մէջ` Քոնկեսի շէնքին դիմաց, եւ դատապարտած են Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ` […]

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Հայերը Փակած Են Միջպետական Ճանապարհները՝ Անդամալուծելով Եւրոպան

Առաւօտեան 7-ին հայերը երկու կողմէն փակած են Պելճիքա-Ֆրանսա միջպետական ճանապարհը` բողոքի ցոյց կազմակերպելով ընդդէմ Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ արդէն 20 օրէ ի վեր իրականացուող ազրպէյճանա-թրքական յարձակումին, խաղաղ բնակչութեան հասցուող վնասներուն: […]

Բոլորս Դէպի Արցախի Միջազգային Ճանաչում

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմի օրակարգով խորհրդակցութիւն` մասնակցութեամբ համասփիւռքեան գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական […]