ՀՀ Նախագահը Ամմանի Մէջ Հանդիպած Յորդանանի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Աշխատանքային այցով Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութեան մէջ գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ հանդիպում ունեցած է Յորդանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։

Անդրադառնալով այցին ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն՝ Հայաստանի նախագահը նշած է, որ հանդիպումներուն առանցքը եղած են համագործակցութեան խորացման հարցերը: