«Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին». Յայտարարութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

Հ.Օ.Մ.ը կը մեկնարկէ «Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին» անմիջական օժանդակութեան ծրագիրը:

Ծրագիրը կը միտի օգնել տեղահան եղած նուազագոյնը 1000 Արցախի ընտանիքներ, հոգալով իրենց սննդեղէնը, հագուստեղէնը եւ կենցաղային ծախսերը:
Նուիրատուները կրնան մասնակցիլ մէկէն մինչեւ չորս ամիսներ նուիրաբերելով.-
1 ամիս 250 $ ԱՄՆ
2 ամիս 500 $ ԱՄՆ
3 ամիս 750 $ ԱՄՆ
4 ամիս 1000 $ ԱՄՆ
Նուազ գումարներու նուիրատուութիւններ նաեւ սիրով ընդունելի են, այդ պարագային գումարները պիտի մէկտեղուին ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ գումարը, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտանիքի մը ամսական ծախսերը հոգալ:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ իր բոլոր միաւորները, որոնց կարգին հոս՝ Հայ Կապոյտ Խաչը, երախտապարտ են իրենց բոլոր բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ համակիրներուն, որոնց շնորհիւ կարելի կ՚ըլլայ յոյս ներշնչել օգնութեան կարիքը ունեցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Մեր միութեան հարիւրամեայ փաստը կը վստահեցնէ որ բոլորս միասի՛ն, իրարու թիկունք կանգնելով անգամ մը եւս պիտի յաղթահարենք տագնապը:

Այս ծրագրին նուիրաբերել փափաքողները կրնան դիմել Հ.Կ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան կամ Հ.Կ.Խ.ի գրասենեակին, հետեւեալ հեռաձայնի թիւերուն.- 2109574973 կամ 6937147293:
Կարելի է նաեւ գումար ներմուծել Հայ Կապոյտ Խաչի դրամատնային հաշիւին, արձանագրելով անուն-մականուն եւ «Artsakh» կամ «Αρτσάχ» բառը:
Τράπεζα Πειραιώς IBAN GR2801720420005042068319229

Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւն