Փիզա Քաղաքը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Իտալիոյ Փիզա քաղաքը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:

Կը նշուի, որ Փիզայի քաղաքային խորհուրդը խստօրէն դատապարտեց Արցախի վրայ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումը, համերաշխութիւն արտայայտեց հայ ժողովուրդին եւ մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումներուն նկատմամբ: