Քուէյթի Ազգային Պատուիրակութիւնը Պահանջած է Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը

Հայաստան, Սփիւռք

Նոյեմբեր 22-ին Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝  Հոգշ․ Տ․ Պետրոս Վրդ․ Մանուէլեան, Արժ․ Տ․ Արտակ Ա․ Քհնյ․ Քեհեայեան, թեմական խորհուրդի եւ ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, նաեւ Ք․Ա․վարժարանի տնօրէնը այցելած են Քուէյթի մէջ ՀՀ դեսպանատուն եւ հանդիպած դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի հետ։

Պատուիրակութիւնը իր ցասումը յայտնած է Նոյեմբեր 9-ին ՀՀ վարչապետի կողմէն ստորագրուած նուաստացուցիչ ու պարտուողական փաստաթուղթին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին բարւոք լուծում գտնելու եւ երկիրը փակուղիէն դուրս բերելու նպատակով պահանջած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականն ու Հայաստանի մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը։

Պատուիրակութիւնը նաեւ իր խոր մտահոգութիւնը եւ ընդվզումը արտայայտած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ազատ խօսքը լռեցնելու՝ իշխանութիւններուն միտումնաւոր ապաժողովրդավարական քայլերուն նկատմամբ։

Պատուիրակութիւնը այս բովանդակութեամբ նամակ յանձնած է դեսպանին` հասցէագրուած ՀՀ իշխանութիւններուն։