Թուրք Նախարարի եւ Հայ Պատգամաւորի Հարցուպատասխանը Արցախի Թեմայով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը արտաքին գործոց նախարարութեան 2021-ի պիւտճէի քննարկման ժամանակ քննադատած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը արցախեան հակամարտութեան հարցով։ Փայլան նշած է, թէ ինքը երազանք մը ունի, որ օր մը Թուրքիան ինչպէս Ազրպէյճանը կ՝անուանէ եղբայրական պետութիւն, նոյն կերպ ալ անուանէ Հայաստանը: Ըստ Փայլանի՝ այս պատերազմին միակ յաղթողը Ռուսիան է։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Նախարար Չաւուշօղլուն ամփոփիչ ելոյթով պատասխանած է Փայլանին՝ ըսելով. «Պրն. Փայլա՛ն, մինչեւ այսօր երբեւէ ըսա՞ծ էք Հայաստանը թող դուրս գայ Ազրպէյճանի գրաւուած հողերէն: Նոյնիսկ Ձեր հետ հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցանք եւ Դուք հարցուցիք, թէ այս հարցը ինչպէս պիտի լուծուի:

Ես ալ ձեզի հարցուցի՝ կրնա՞ք Հայաստանին ըսել, որ դուրս գայ այնտեղէն: Դուք վստահ չէիք, որ կրնաք: Պարոն Փայլան, ոչ մէկ անգամ հրապարակային չէք ըսած, որ անոնք Ազրպէյճանի հողերն են, ու թող Հայաստանը դուրս գայ անկէ: ԼՂ-ի կարգավիճակի հարցով բանակցութիւններն ալ պիտի շարունակուին, Ազրպէյճանն ալ ըսած է, որ պատրաստ է հարցը քննարկելու»:

Թուրք նախարարը նշած է, որ Թուրքիան ՌԴ-ի հետ առանձին համաձայնագիր ստորագրած է հրադադարի կարգաւորման կեդրոն հիմնելու համար եւ անոր ծիրէն ներս պիտի ունենայ իրեն վերապահուելիք շարք մը լիազօրութիւններ: