Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւններ

«Գանձասար»-ի խմբագրական Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումը տարօրինակ թուեցաւ շատերուն, յատկապէս սփիւռքահայերուն, որովհետեւ Հայաստանի ներկայ զարգացումներուն հետեւելով, Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւնները նոր որակի բարձրացնելու ռազմավարութեան մը որդեգրումը կ՛ակնկալէինք, անկախ ձեւականութիւններէն, այս յարաբերութիւնները զուտ […]

Ֆրանսայի «Դեղին Բաճկոններ»-ու Շարժման Պատճառներէն Մին Նաեւ Հայաստանեան Խնդիր Է

Յ. Պալեան «Թերեւս հայրենիքը ընտանիքի պէս է, անոր արժէքը կը զգանք, երբ այլեւս չունինք»: ԿԻՒՍԹԱՒ ՖԼՈՊԵՐ ԺԹ. դարու ֆրանսացի մեծ գրող Խորագիրը կրնայ զարմանք պատճառել: Սնապարծութեան որոնում չէ: Ֆրանսայի «դեղին […]

Իշխանութիւնը Պէտք Է Ուսին Ետին Զգայ Առողջ Քննադատողին Աչքերը

Ս. Մահսէրէճեան Հայաստանի քաղաքական ու յարակից կեանքերը 2018-ի Ապրիլէն ի վեր նորանոր զարգացումներու տանող շոգեկառքը 14 Յունուարին պիտի անցնի նորագոյն կայարանէ մը, երբ անցեալ Դեկտեմբերին ընտրուած խորհրդարանը բանայ իր առաջին […]

Ոսկի Սմբուկներ

Գէորգ Պետիկեան Խորագիրը ձեր միտքը թող չպղտորէ։ Այս մէկը ո՛չ Թումանեանի հէքիաթներէն մէկն է եւ ոչ ալ՝ հայրէնի դասագիրքէ մը փրցուած էջ մը։ Միտքս պարզեմ։ Տօնական օրերու նախօրեակին էր։ Անձրեւոտ […]

Ժողովրդավարական Ղեկավարումի Տագնապի Մասին

Յ. Պալեան Ղեկավարումի տագնապ՝ ժողովրդավարութեան ցանկալի կամ շեփորուած ամպհովանիին տակ: Խանդավառութիւնները եւ յաղթանակները իրականութիւնները պէտք չէ վարագուրեն: Ամէն օր ի՞նչ կը պատմեն լրատուամիջոցները, երբ կը բանանք թերթերը, կը լսենք ձայնասփիւռը […]

2019-ը` Ուժեղ Լիբանանահայութեան Վերաթարմացում (Ա.)

Յ. Բագրատունի Փակուեցաւ 2018 տարին իր վերիվայրումներով` թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ լիբանանահայութեան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կենցաղային ոլորտներուն մէջ: Լիբանանահայ ազգային-հասարակական կեանքն ալ ունեցաւ իր դրական  դրսեւորումը թէ՛ ներքին, թէ՛ հայաստանեան […]

Թուրքիոյ Դէմ «Քոալիսիոն»

Ս. Մահսէրէճեան Ձգենք, որ Տոնըլտ Թրամփ իր (չ)հասկցած ձեւով դիմագրաւէ` դեմոկրատներուն նորագոյն յարձակողականը, «ռուսական միջամտութեան» ամբաստանութիւնները, Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատ կառուցելու ծրագիրն ու տնտեսական բազմաճիւղ մարտահրաւէրներ, Էմանուէլ Մաքրոնն ալ թողունք […]

Սուրիոյ Հայ Համայնքի Ջանքերով 2019-ին Աշխոյժ Թափով Կը Վերականգնին Ազգային Կառոյցները. Ժիրայր Ռէյիսեան

Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ հայ համայնքը 2019-ին աշխուժ թափով պիտի իրականացնէ ազգային կառոյցներու վերականգնումի աշխատանքը: Ինչպէս որ 2018-ին այդ ուղղութեամբ […]

Աշխատանք կը Տարուի Գանատայի Խորհրդարանին Մէջ Արցախ-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակ Հիմնելու

Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հարցազրոյցը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Ռաֆֆի Տօնապետեանի հետ Վ.Գ.- 2018 թուականը յատկանշուեցաւ Հայ Դատի եւ մանաւանդ Գանատայի ՀՅԴ կառոյցի աշխոյժ գործունէութեամբ […]

ՀՄԸՄ-ը Գիտէ Հայրենիք Սիրել Ու Հայրենիք Շնչել` Իր Գործունէութեամբ

«Ասպարէզ»-ի բացառիկ՝ խմբագրականի փոխարէն  Միութեան մը յարատեւման գլխաւոր երաշխիքը իր առաքելութիւնն է եւ իրականացող նպատակները, այլապէս անիկա երկար կեանք չ’ունենար: Հպարտ ենք, որ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան` ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները այս […]