Ֆրանսայի «Դեղին Բաճկոններ»-ու Շարժման Պատճառներէն Մին Նաեւ Հայաստանեան Խնդիր Է

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

«Թերեւս հայրենիքը ընտանիքի պէս է,
անոր արժէքը կը զգանք, երբ այլեւս չունինք»:

ԿԻՒՍԹԱՒ ՖԼՈՊԵՐ
ԺԹ. դարու ֆրանսացի մեծ գրող

Խորագիրը կրնայ զարմանք պատճառել: Սնապարծութեան որոնում չէ:

Ֆրանսայի «դեղին բաճկոններ»-ու շարժման պատճառներէն մին ուշադրութեան չարժանացաւ, քանի որ պատկերները այլապէս հետաքրքրական էին եւ տեղ չէին ձգեր խորքային հարցեր տեսնելու եւ քննելու:

Բազմաթիւ «դեղին շապիկներ», նիւթական զոհողութիւն ընելով, «գաւառներ»-էն մինչեւ մայրաքաղաք եկան ցոյցի: Աւելի՛ն. անոնք շարունակեցին ցոյցերը շաբթուան եօթը օրերուն, իրենց մեծ ու պզտիկ քաղաքներուն մէջ: Դժգոհութիւնը ունէր նաեւ հիմնական պատճառ մը, որուն քիչեր անդրադարձան. «գաւառական» շրջաններու բողոքը` փարիզեան մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական կեդրոնացման դէմ: Կարծէք` Ֆրանսան միայն Փարիզ էր: Այս կէտն է, որ զիս կը մղէ բաղդատութիւն ընելու Հայաստանի հետ:

Յաճախ մտածած եմ Հայաստանի բնակչութեան տեղաբաշխման պատկերին մասին եւ յիշած` հայրենի գրող Վիգէն Խեչումեանի խօսքը (կրկի՛ն կարդալ «Գիրք լինելութեան»-ը), ուր կայ հզօր պատգամ մը. «Մի քաղաքով ի՞նչ երկիր, դու միաւորիր ամբողջը»: Հայաստան պէտք է լսէ իր գրողին իմաստութիւնը եւ հասկնայ Ֆրանսայի «դեղին բաճկոններ»-ու ընդվզումին իսկական դրդապատճառ հանդիսացող մայրաքաղաքի եւ գաւառներու միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնը, անոնց անհաւասար զարգացումը:

Ֆրանսան մեծ երկիր է, ունի քաղաքական պատրաստուած դէմքեր, հաստատութիւններ, կառոյցներ: Թող ներուի, մեկնելով «դեղին բաճկոններ»-ու դժգոհութեան յիշուած պատճառէն,  հակիլ Հայաստանի կացութեան վրայ, որպէսզի վերանկախացման շրջանի շարունակուող խարխափումները վերջ գտնեն, եւ ազգին ու հայրենիքին համար հեռանկարային պատկերացումներով առաջնորդուինք:

 

Երկու նկարներու քաղաքները հայաստանեան են: Ինչո՞ւ մարդիկ պիտի չուզեն բնակիլ երկրորդին մէջ:           

Ասկէ առաջ ալ ըսած եմ, որ հակառակ մեզի հպարտութիւն պատճառող Երեւանի աճման` մենք չենք մտածեր Հայաստանի բնակչութեան տեղաբաշխման պատկերին մասին (բայց կ’երգենք` «Մեր փոքրիկ հողին դու մեծ երազանք»), մենք չենք ուզեր տեսնել երկիրը որպէս ամբողջութիւն մը` արժանի հաւասար ուշադրութեան: Երեւանէն հազիւ դուրս եկած, մենք մեզ կը գտնենք, ինչպէս կ’ըսուի, «Երրորդ աշխարհ»-ի պատկերներու առջեւ: Այդպէս է վերաբերումը երկրի վարիչներուն, որոնք պաշտօններ ունենալով գաւառը` կը բնակին Երեւան: Այդպէս կը վերաբերին նաեւ հայրենասէր տուրիստները, որոնք տեսարժան վայրերը կ’երթան միօրեայ արշաւներով եւ կը վերադառնան Երեւանի հիւրանոցը եւ կը գտնեն ճաշարանները, սրճարանները, խաղատուները:

Մարդիկ իրենց տուները կը վաճառեն եւ Երեւան կու գան: Պատճառներ եւ պատրուակներ միշտ կարելի է գտնել: Աշտարակը Երեւանի կից է, բայց հոն ալ մարդիկ իրենց տուները կը ծախեն, եթէ Լոս չերթան, Երեւան կու գան: Եթէ Երեւանէն դուրս գտնուող հայոց աշխարհը հայերով չբնակուի, ուրիշներ պիտի գան եւ տէր ըլլան: Բայց հայ ժողովուրդը ինչպէ՞ս տէր պիտի ըլլայ ազատագրուած եւ անկախացած հանրապետութեան:

Սուր կերպով կը դրուի Հայաստանի տարածքներու բնակեցման հարցը, որպէսզի Հայաստանը չդառնայ միաքաղաք երկիր:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութեան նախօրեակին ի զուր փնտռեցի թեկնածու մը, կամ կուսակցութիւն մը, որ այս հարցով հրապարակ գար: Ո՞վ պահանջեց, ո՞վ կը պահանջէ Հայաստանի տարածքներու բնակեցման քարտէսը: Երեւանէն Ստեփանակերտ ճամբու ընթացքին, առանց ընկերաբան ըլլալու, կը տեսնենք, որ բնակչութիւնը հետզհետէ կը նօսրանայ: Այս պարզ հաստատում է: Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ պետութիւնը ի՛նք կազմէր Հայաստան տարածքի բնակեցման պատկերը` թիւերով, ընկերատնտեսական եւ կրթամշակութային կառոյցներով:

Հայաստանի զարգացումը, անկախութիւնը, կենսամակարդակի բարձրացումը եւ կեանքի որակը կախում ունին իւրաքանչիւր թիզ հողի բնակեցումով: Զարգացման ծրագիրներու նպատակ պէտք է դարձնել այն, որ Սիսիանի, Ալավերդիի, Իջեւանի կամ Խաչիկ գիւղի բնակիչը ունենայ աշխատանք եւ մայրաքաղաքի կեանքի պայմանները. դպրոց, բժշկական խնամք, փոխադրամիջոցներ: Ի հարկէ պէտք չէ յուսալ, որ մէկ օրէն միւսը հրաշք պիտի պատահի: Բայց վաղը այսօր կը սկսի:

Բայց ինչո՞ւ Երեւանի մէջ սունկի պէս բուսնող «էլիտար», այսինքն որակաւոր կոչուած շէնքերու օրինակով պիտի չկառուցուին նաեւ շէնքեր Սպիտակի կամ Մեղրիի մէջ: Եթէ շրջանները զարգանան, Երեւանի բնակչութեան անհարկի աճը կը սահմանափակուի: Տակաւին, պետութիւնը ի՛նք պէտք է մշակէ քաղաքաշինութեան եւ կառուցապատման ծրագիր: Տեղ մը օրակա՞րգ է Երեւանի դիմագիծի պահպանումը, առողջապահական խնդիրը, նկատի առնելով կողք-կողքի բարձրացող բազմայարկ շէնքերը:

Վայրագ կառուցապատման փոխարէն` պետութիւնը կրնայ գործարաններ հաստատելու ծրագիր մշակել եւ դիւրութիւններ ընծայել: Ի՞նչ իմաստ ունի բազմայարկ շէնքեր կառուցել, եթէ միաժամանակ բնակչութեան համար աշխատանքի հնարաւորութիւններ պիտի չըլլան: Երեւանի կեդրոնի սրճարաններով եւ ճաշարաններով երկիրը ինքնաբաւութեան պիտի չհասնի: Ոչ ալ փակ դռներով եւ պատուհաններով տուրիստներու վաճառուած բնակարաններով: Եթէ արտադրական-արտածման ծրագրումով եւ իրականացումով չզարգանան Հայաստանի շրջանները, Երեւանը պիտի նմանի զբօսաշրջային հսկայ նաւերուն, որոնց վրայ մարդիկ արձակուրդի իրենց տասը կամ քսան օրերը կ’անցընեն:

Ֆրանսայի «դեղին բաճկոն»-ները բողոք էին շրջաններու անտեսման դէմ: Միտքը այն է, որ Վիեն, Վալանս, Լանս կամ Ալանսոն բնակիլը նոյնքան ցանկալի պէտք է ըլլայ, որքան` Փարիզ բնակիլը: Հայաստանի գաւառը օր մը կրնա՞յ այս ցանկութեամբ վերականգնիլ եւ զարգանալ, ցանկալի բնակավայր դառնալ եւ նոյնհետայն փրկել Երեւանը խեղդամահ ըլլալու վտանգէ:

Բարեկարգութիւնը մանանայ չէ, որ երկինքէն իջնէ: Ան պէտք է ըլլայ գիտակից քաղաքացիի պահանջը, չեմ գործածեր ամբոխավարութիւն բուրող հայրենասիրութիւն բառը:

Իսկ պետութիւնը, անմիջականի կառավարման կողքին, Հայաստանի իւրաքանչիւր թիզի զարգացումը պարտի ծրագրել, որպէսզի իւրաքանչիւր շրջան ինքզինք տեսնէ եւ զգայ մայրաքաղաք եւ քաղաքացի` մայրաքաղաքի բնակիչի հաւասար:

Այս առաջադրանքով հրապարակ գալը ո՛չ ամբոխավարութիւն է եւ ո՛չ ալ պերճանք, այլ ապագայի կառուցում` սերունդներուն համար, որոնք պիտի գան, պիտի մնան հողին վրայ, որոնցմով շարունակութիւն պիտի ըլլանք:

Ազգի երախտագիտութեան արժանի պիտի ըլլան երկիրը զարգացնող եւ սերունդներու ծառայութեան իրենք զիրենք կոչած ինքնուրաց առաջնորդները:

Պիտի ընե՞նք այնպէս, որ Վայքը եւ Եղէգնաձորը, Վանաձորը եւ Իջեւանը չհամարուին յետամնաց եւ անկարեւոր քաղաքներ, անոնց բնակիչներու զաւակները չերթան Երեւան կամ Մոսկուա, Լոս կամ Գերմանիա` բախտ որոնելու:

Քաղաքական կուսակցութիւն մը աթոռի որսորդ չէ, պէտք չէ ըլլայ, այլ` հայրենիքի զարգացման ինքզինք ներդրած ուժականութիւն:

Իսկ մամուլը, երբ տեսակցութիւններ կ’ունենայ քաղաքական ղեկավարներու հետ, աթոռ-աթոռակէ անդին, ինչո՞ւ զանոնք չի կանգնեցներ այս հիմնահարցերուն առջեւ:

Ո՞վ լսեց բնակեցման ծրագրի առաջնահերթութեան մասին: