Իշխանութիւնը Պէտք Է Ուսին Ետին Զգայ Առողջ Քննադատողին Աչքերը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Հայաստանի քաղաքական ու յարակից կեանքերը 2018-ի Ապրիլէն ի վեր նորանոր զարգացումներու տանող շոգեկառքը 14 Յունուարին պիտի անցնի նորագոյն կայարանէ մը, երբ անցեալ Դեկտեմբերին ընտրուած խորհրդարանը բանայ իր առաջին նստաշրջանը։

Ինչպէս «Թաւշեայ յեղափոխութեան» նախընթաց փուլերուն, այսօր ալ 14 Յունուարով բացուող փուլին կապուած են նոր յոյսեր, ակնկալութիւններ, սակայն նաեւ կան մտավախութիւններ. մամուլը ողողուած է օր աւուր «դէպքերու» շուրջ եւ աւելի հեռահաս մեկնաբանութիւններով։ Օրինակի համար, լուսարձակներ կեդրոնացած են խորհրդարանէն հրաժարողներու, խորհրդարանի անդամներուն մէջ կիներու թիւին յաւելման, մեծ թիւով երիտասարդներու խորհրդարան մուտքին, փորձառու-անփորձ երեսփոխաններու, անուն ու վաստակ կերտածներու տեղ անծանօթ մասնագէտներու ազգային ժողով մուտքին եւ նմանօրնիակ բազմագոյն երեւոյթներու վրայ. իւրաքանչիւրը արդարօրէն արժանի է ուշադրութեան, գնահատումի, վերլուծումի։

Ինչպէս Ապրիլի շարուժումէն ի վեր, նոր խորհրդարանի պաշտօնավարութեան  նախօրեակին ալ, Հայաստանի ու անոր զարգացումներուն ակնդէտ հետեւող հայկական աշխարհին մէջ ստեղծուած են երկու գլխաւոր ալիքներ, զորս անպայման պէտք չէ դիտել իբրեւ ներհակ ու զիրար չէզոքացնող, սակայն անոնց միջեւ տարբերութիւնը ակներեւ է։ Առաջինը՝ լաւատեսութեան եւ յոյսի մակընթացութիւնն է, իսկ երկրորդը՝ վերապահութեան ու թերահաւատութեան ալիքը։

Առաջին ալիքը՝ յոյսի ու լաւատեսութեան մթնոլորտը, ունի իր հիմնաւորումները։ Նորութիւն արձանագրած պիտի չըլլանք, եթէ անգամ մը եւս հաստատենք, որ այս ալիքը կը մեկնի շարք մը շօշափելի իրականութիւններէ, ինչպէս՝ փտախտի եւ մենաշնորհներու, չարաշահութեանց եւ պաշտօնի շահագործման դէմ բացուած պայքարի ճամբուն մէջ արձանագրուած յաջողութիւններէն։ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» շահած ժողովրդականութիւնը մեծ մասամբ արդիւնք էր այն ատելութեան, որ նախկին իշխանութիւնը ստեղծած էր իր ծանօթ արարքներով, հետեւաբար, զանոնք հեռացնելու համար պայքար բացողը բնականաբար պիտի գտնէր լայն համակրանք, որ իրեն ապահովեց նոր խորհրդարանի աթոռներուն՝ իր նախատեսածէն շատ աւելի մեծ մասը։ Յետոյ, նոր իշխանութեան կողմէ կը բերուին բազմաթիւ խոստումներ, որոնք օրէնքի ու ժողովրդավարութեան ամրակայման, ապրուստի եւ ընկերային վիճակի բարելաւման, Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհին միջեւ յարաբերութիւններուն նոր մղում տալու եւ տնտեսական վիճակի բարեշրջման (նաեւ աւելի տարածուն) հորիզոններ կը բանան։ Հայաստանի մասին արտաքին աշխարհի գնահատականները, թէ՝ անարիւն յեղափոխութեամբ դէպի աւելի լաւ ապագայ գացող երկիր մը կայ Կովկասի շրջանին մէջ, անիկա սկսած է աւելի մեծ թիւով զբօսարշրջիկներ ներգրաւել, նաեւ ներդրումներու դիմաց դռներ կրնայ բանալ, տակաւին՝ գիտական նորութիւնները, մեր հայրենիքը կը դնեն ժամանակակից աշխարհին հետ քայլ պահելու վազքի մը մէջ՝ բնականաբար կը նպաստեն յուսատու ապագայի մը մասին յոյսերու ալիքին բարձրացման։ Վստահաբար կարելի չէ գտնել ոեւէ իրա՛ւ հայ, որ տխրի նման վիճակներով ու խոստումներով, եւ նոյն վստահութեամբ կարելի է ձայնակցիլ բոլոր անոնց, որոնք գրաւ կը դնեն այս երթին յաջողութեան վրայ, կ՛ըսեն, որ երիտասարդ, թէեւ անփորձ՝ իշխանութիւնը ժամանակի կը կարօտի իր խոստումները իրականացնելու, զանոնք շօշափելի ծրագիրներով մարմնաւորելու համար, որպէսզի Հայաստան իսկապէս մտնէ «աւետեաց երկիր»ի հունին մէջ։ Իշխանութեան համակիրները պատրաստ են հանդուրժողութեամբ դիտելու կարգ մը սխալներ, խոտորումներ, մտածելով, որ «աճող մանուկը իյնալ-ելլելով քալել կը սորվի», հոգ չէ թէ երկիր ղեկավարելու համար նման տրամաբանութիւն կրնայ շատ ալ օգտակար չըլլալ (ի վերջոյ, Արցախեան Շարժումէն ասդին արդէն կերտուած է աւելի քան երեք տասնամեակի փորձառութիւն)։

Դրական երեւոյթներու շարքը կարելի է երկարել, ցոյց տալու համար, թէ խանդավառութիւնն ու զգացականութիւնը ինչպիսի աղբիւրներէ կը բխին, սակայն մեր նպատակը բարեշրջման երեւոյթներուն ցանկագրումը չէ, այլ պարզապէս մատնացոյց ընել Հայաստանին ու ողջ հայութեան տրամադրութիւններուն տիրապետող ալիքները։

Երկրորդ ալիքը՝ վերապահութեան ու կասկածոտ վերաբերումի մօտեցումն է, որ իր կարգին կը մեկնի շօշափելի իրականութիւններէ։ Այս գիծին վրայ ալ նպատակ չունինք ցանկագրելու արտայայտուող բոլոր կարծիքներն ու մտավախութիւնները, այլ կը բաւականանանք մէկ քանի նշումով։

Կարելի է սկսիլ նոյնինքն խոր-հրդարանական ընտրութեանց արդիւնքով ստեղծուած պատկերէն։ Նախորդ խորհրդարանին մէջ, կային քաղաքական չորս ուժեր, որոնցմէ երկուքը այսօր տեղ չեն գտած նորին մէջ. նման վիճակ ի՞նչ եւ որքա՞ն արդարացում ունի՝ այլ հարց։ Խորհրդարան մտած են միայն երեք կուսակցութիւն-միաւոր, մինչդեռ ժողովրդավարութեան ամրակայում պիտի նշանակէր աւելի մեծ թիւով ուժերու – հետեւաբար նաեւ մտածողութեանց – ներկայութիւնը ժողովուրդը ներկայացնող օրէնսդիր իշխանութեան մէջ։ Խորհրդարան մուտք գործողները այսօր աւելի՛ «միագոյն» պատկեր մը կը ներկայացնեն, քան ինչ որ էր նախորդ խորհրդարանը. նորին մէջ պիտի չըլլայ իսկական ընդդիմադրութիւն, այն առումով, որ վարչապետութեան թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի Քաղաքային Պայմանագրութիւն կուսակցութիւնը թէ՛ նախորդ խորհրդարանին եւ թէ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» իրերայաջորդ փուլերուն, սերտ գործակից ունէր Էտմոն Մարուքեանն ու կուսակիցները, ու թէեւ վերջին ամիսներուն, յատկապէս ընտրութեանց հանգրուանին որոշ տարակարծութիւններ ծագեցան նախկին դաշնակիցներուն միջեւ, սակայն այդ տարբերութիւնները հազիւ թէ բաւարար ենթահող ծառայեն իսկական ընդդիմութեան մը ձեւաւորման։ Իսկ Գագիկ Ծառուկեանի Բարգաւաճ Հայաստանը, որ յաջողութեամբ «շոգեկառք փոխեց» նախորդ իշխանութենէն դէպի նորը, ո՛չ անցեալին, ո՛չ ալ ներկայիս ի յայտ բերած է իսկական ընդդիմադիրի դեր ստանձնելու ատակութիւն. կարելի չէ անտեսել այս կուսակցութեան դրական որոշ գործերը, ի խնդիր երկրի ու ժողովուրդի որոշ մէկ խաւին օգտակար հանդիսանալուն մէջ, սակայն ընտրապայքարի օրերուն, պերճախօս էր Մարուքեանի քննադատութեանց դէմ Ծառուկեանի պատասխանը. ան ամենայն անկեղծութեամբ հաստատեց, որ զինք հիմնականօրէն կը շահագրգռէ իր գործարարութիւնը, որովհետեւ ինք ունի նիւթական կարողութիւններ, կրնայ զանոնք հաւաքել ու հեռանալ Հայաստանէն ու շահարկել որեւէ այլ տեղ, մինչդեռ կը նախընտրէ օգտակար ըլլալ Հայաստանին։ (Արձանագրենք նաեւ, որ նախորդ իշխանութեան օրերուն, ամէն բան սեւ չէր Հայաստանի ու Արցախի մէջ, հակառակ բոլոր ծանօթ բացասական իրականութիւններուն)։

Յետ-խորհրդային Հայաստանը 90ական տարիներուն ինկաւ միակուսակցական ծայրայեղութենէ բազմակուսակցականութեան այլ «ցամաքամաս» մը. բարի նպատակներով ծնունդ առին խմբաւորումներ, որոնք կոչուեցան կուսակցութիւն, դարձան կամ յաւակնեցան դառնալ քաղաքական ուժ. կուսակցութեանց թիւը հասաւ բազմատասնեակներու։ Մինչեւ այսօր ալ, փոքր է թիւը իսկապէս կուսակցութիւն կոչուելու արժանի միաւորներուն, որովհետեւ անդամներու եւ համակիր-հետեւորդներու թիւէն աւելի՝ կուսակցութեան մը համար հիմնական ենթահող է գաղափարականը, անոնց վրայ ծրագիրներու մշակումն ու այդ ծրագիրներուն, եւ ո՛չ թէ անհատներու միջեւ մրցակցութիւնը, որքան ալ որ հմայող ըլլան –կամ չըլլան- անոնց ղեկավարներն ու առաջնորդող դէմքերը (այլապէս, Հենրիկ Մխիթարեան մը կրնար մեծ կուսակցութեան մը պետը ըլլալ…)։ Այլ խօսքով, որոշ հիմնաւորում կը գտնէ այն մտավախութիւնը, որ Հայաստան նոր խորհրդարանի «դարաշրջան»ին հետ կը վերադառնայ որոշակիօրէն միակուսակցական դրութեան մը, ուր մեծագոյն բացական՝ ընկերային-տնտեսական ծրագիրներն ու անոնց լուծման նպաստող ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ենթահողն են։ Մինչդեռ, ժողովրդավարութեան վիճակի բարելաւում պիտի նշանակէր ո՛չ միայն աւելի բազմերանգ խորհրդարանի մը կազմութիւնը, այլ խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական կուսակցութեանց, քաղաքական խմբաւորումներուն գաղափարական հիմքերու ապահովումն ու զարգացումը, ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ հայեցակէտերու միջեւ հակամարտութենէ սպասուող բարելաւումներ, ինչպէս որ տեղի կ՛ունենան ժողովրդավարութեան ճամբուն վրայ երկար ճամբայ կտրած երկիրներու մէջ (առաւելաբար Եւրոպայի մէջ. Միացեալ Նահանգները դադրած են տիպար օրինակ ծառայելէ, բազմաթիւ պատճառներով…):

Այս պատկերին մէջ, քաղաքական ընդդիմադրութեան համար կը մնայ արտախորհրդարանական բեմը։ Սակայն հոս ալ կայ կարեւոր նախադրեալ մը՝ շինչ ու բարելաւման մղող քննարկումի ու քննադատութեան հրամայականը. մինչդեռ, ընդդիմադրութիւնը ցարդ առաւելաբար տարուած է խորհրդարանական ընտրութեանց նախօրեակին ու անոր հետեւող շաբաթներու տրամադրութիւններով, հոգ չէ թէ ունի իր կեցուածքները հիմնաւորող տուեալներ։ Քննարկումներն ու քննադատութիւնները մեծ մասամբ կը պահուին տեսակ մը «քինախնդրութեան» ոլորտին մէջ։ Նախկին իշխանութեան կարգ մը դէմքերն ու անոնց հետեւող մամուլը, օրինակի համար, որոշ պրիսմակէ մը կը դիտեն-կը ներկայացնեն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան հաւանականութիւններու գիծը,  ահազանգ կը հնչեցնեն Ատրպէյճանի զինուորական գերակայութեան ու անկէ բխող մտավախութիւններուն մասին, տողատակի ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ ատրպէյճանական նոր թշնամանք մը անխուսափելի է, մեծապէս պիտի վնասէ Հայաստանին, իսկ նոր վարչախումբը անտարբեր կը կանգնի նման սպառնալիքի դիմաց. մինչեւ իսկ կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը (չմեղանչենք Արարատին), թէ կարգ մը ուժեր գոհունակ պիտի զգային՝ եթէ նոր իշխանութեան օրով, Ատրպէյճան հարուած մը հասցնէր Հայաստանին ու Արցախին…։

Մտավախութիւններուն համար ցոյց կը տրուին նաեւ այլ յենակներ։ Օրինակ, Հայաստան կը շարունակէ մնալ մանր ցոյցերով հաշիւներ-հարցեր դասաւորել նախընտրող երկիր. գիւղապետի մը կամ մարզպետի մը դէմ դժգոհութիւնները արտայայտութիւն կը գտնեն ցուցական արարքներով, մինչեւ իսկ դպրոցի մը տնօրէնին պաշտօնազրկման-պաշտօնի վրայ պահուելուն համար կը դիմուի վարչապետին միջամտութեան, ու ան կ՛ընդառաջէ նման հրաւէրներու։ Իսկական դժգոհութեան շարժառիթներ նոյնքան չեն «խանդավառեր» ցուցարարները։ Նման նախանձախնդրութիւն՝ անձնապէս հարցերու լուծում բերելու տենդ՝ բնականաբար ողջունելի է, սակայն նաեւ կ՛արժէ մտածել, թէ արդեօք նախարարներ կամ պետական այլ պաշտօնատարներ ինչո՞ւ պաշտօնի կոչուած են, եթէ ամէնէն մեծ ու ամէնէն երկրորդական դասուած հարցերուն լուծման համար պիտի դիմուի վարչապետին կարգադրութեանց։

Մտավախութիւններուն ու վերապահութիւններուն յենակ ծառայող այլ տուեալներ կը ստեղծուին աւելի յաճախակիօրէն։ Ամանորի նախօրեակին ու անկէ ասդին, սկսած է գլուխ ցցել ապրուստի սղութիւնը. կան սպառողական նիւթերու, ներառեալ բնական կազի սակագիներու բարձրացման, որոշ տուրքերու յաւելման եւ աշխատանքի որոշ կալուածներու (օրնիակի համար՝ փոխադրամիջոցներու) մասին նոր տնօրինումները։ Իշխանութեան մօտիկ կանգնող լրատու աղբիւրներ իսկ սկսած են աւելի յաճախ խօսիլ դժգոհութեան նոր խմորումներու եւ բողոքի դրսեւորումներու հաւանականութեանց մասին, որովհետեւ որդեգրուած կարգ մը քայլեր կը սպառնան աւելցնել գործազուրկներու թիւը (օրինակ՝ ճաշարաններու կալուածին մէջ)։ Վարչապետին ու գործակիցներուն բացատրականները սկսած են նուազ համոզիչ թուիլ։ Երբ ապրուստի հարցեր կը բերուին առաջին գիծի վրայ, ձեւով մը կը լուսանցքայնացուին… Արցախի եւ ընդանրապէս Հայաստանի ապահովութեան, արտաքին յարաբերութեանց մէջ նոր նուաճումներու առաջադրանքները, ալ ո՜ւր մնացին սփիւռքի ու մշակոյթի նախարարութեանց վերաձեւաւորման որոշումէն բխող մտահոգութիւնները։

Եթէ 14 Յունուարը պիտի ըլլայ Ապրիլէն ասդին տեղի ունեցող զարգացումներու ճամբուն նոր փուլի մը մեկնարկը, մտավախութեանց չէզոքացման եւ լաւատեսութեան, յոյսի ալիքներուն անվերադարձ բարձրացման համար, անհրաժեշտ են վիհերուն դարմանումը, ապահովութեան թէ տնտեսական-ընկերային, քաղաքական ու դիւանագիտական կալուածներու մէջ դրապաշտ գործակցութեան ու մրցակցութեան ձեւաւորումը, այն տրամաբանութեամբ, որ Հայաստան ու Արցախ կը կարօտին հայրենի հողերուն վրայ ապրողներուն ու աշխարհատարած հայութեան բոլոր կարելիութիւններուն մէկտեղման, բոլոր ձեռքերու միացման, եւ սա անբովանդակ նշանախօսք չէ։ Նոր հորիզոնին յստակացման մէջ, շատ կարեւոր դեր պիտի ունենայ, պէ՛տք է ունենայ ընդդիմադրութիւնը, որպէսզի չարդարանան միակուսակցականութեան «վարկած»ը յառաջ քշողները, աւելի՛ն, իշխանութիւնը՝ իր բոլոր ոլորտներուն մէջ, պէտք է զգայ, թէ ուսին ետին կան իր գործերուն արդա՛րօրէն հետեւող, իր սխալները ճշմարտացի՛օրէն քննադատող եւ բարեփոխում պահանջող գլուխներ, որոնց աչքերը ակնդէտ կը հետեւին իր իւրաքանչիւր քայլին, պատրաստ են ծափահարելու դրական քայլերը, բայց նաեւ արդար քննարկումի ու քննադատութեան ենթարկելու կամայականութիւններն ու սխալները։ Այլ խօսքով, ընդդիմադիր ճակատը, խորհրդարանին մէջ թէ դուրսը՝ պարտի լիարժէքօրէն վերականգնել արդար ու տեղին քննադատութիւնը, իշխանութեան հետ ապրիլ յաջողութիւններու բերկրանքը, զայն զգուշացնել խոտորումներէ։ Բնականաբար մամուլէն ալ կը սպասուի աժան «սրամտութիւններու» վարքագիծէն հրաժարում եւ առողջ քննարկումներու բեմ դառնալ, դուրս գալ իշխանութեան որեւէ քայլը ծափահարողի կամ քննադատողի խրամատներէն։

…Մեր մանկութեան օրերուն, երէց հարազատէ մը լսած ենք հետեւեալ մանրավէպը։ Իմաստուն մարդ մը ամէն օր աղբիւր կը ղրկէր իր դեռատի զաւակը, որպէսզի կուժով ջուր բերէ։ Տղան ճամբայ դնելէ առաջ, հայրը աղուոր ապտակ մը կու տար զաւկին, զգուշացնելով, որ կուժը չկոտրէ։ Դրացիները, մեղքնալով մանուկին, փորձած են միջամտել ու պահանջած են հօրմէն, որ ա՛լ չապտակէ տղեկը։ Հայրը տեղի տուած է եւ յաջորդ օրը, առանց ապտակելու աղբիւր ղրկած է տղեկը։ Վերադարձին, մանչուկը անուշադիր գտնուած է ու կոտրած է կուժը։ Դրացիները, իմանալով պատահածը, մտավախութիւն յայտնած են, թէ արդեօք դաժան հայրը որքա՞ն պիտի ծեծէ անուշադիր տղան։ Հայրը ձեռք չէ բարձրացուցած եւ դրացիներուն բացատրած է. «Կուժը կոտրուելէն ետք, ապտակը ի՞նչ իմաստ ունի. կ՛ապտակէի՝ որպէսզի ուշադիր ըլլար եւ ջուր բերէր…»։ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, վստահաբար ոչ ոք նպատակ ունի ֆիզիքապէս ապտակելու ջուրի գացողները, սակայն 14 Յունուարի նախօրեակին, մանրավէպը մտածելու առիթ կու տայ։