Ֆրանսախօս Երկիրներու ՄԿ Գլխաւոր Քարտուղարը Հայաստանի Հետ Համագործակցելու Պատրաստակամութիւն Յայտնած է

Աշխարհ, Հայաստան

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գրասենեակին մէջ, Յունուար 10-ին, կայացած է ՖՄԿ-ի մէջ ՀՀ ներկայացուցիչ դեսպան Քրիստիան Տէր-Ստեփանեանի եւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Լուիզ Մուշիկիվապոյի հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդեն ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։

 

Շնորհաւորելով Լուիզ Մուշիկիվապոյը գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնի ստանձնման առիթով` ՀՀ ներկայացուցիչը վերահաստատած է Հայաստանի եւ անձամբ իր աջակցութիւնը անոր առաքելութեան իրականացման ընթացքին:

Լուիզ Մուշիկիվապոն, իր գոհունակութիւնը յայտնելով հանդիպման վերաբերեալ, նշած է, որ անիկա իր առաջին պաշտօնական հանդիպումն է, որ նաեւ խորհրդանշական է:

 

Գլխաւոր քարտուղարը իր հիացմունքը արտայայտած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ՝ նշելով, որ ՀՀ իշխանութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի բացառիկ ներդրման ու ջերմ ընդունելութեան, ՀՀ ներկայացուցիչի անձնական նուիրումին շնորհիւ` ՖՄԿ Երեւանի գագաթնաժողովը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ: Այդ առիթով՝ գլխաւոր քարտուղարը խնդրած է իր շնորհաւորանքները փոխանցել նաեւ ՀՀ ԱԳ նախարարին եւ ՀՀ իշխանութիւններուն:

 

Հանդիպման ժամանակ, ՀՀ ներկայացուցիչը անդրադարձած է Հայաստանի եւ ՖՄԿ միջեւ համագործակցութեան, յատկապէս` Երեւանի գագաթնաժողովին ժամանակ ընդունուած որոշումներուն եւ Հայաստանի, իբրեւ Գագաթնաժողովի նախագահի, ստանձնած նախաձեռնութիւններու իրականացման: Ի պատասխան՝ գլխաւոր քարտուղարը յայտնած է Հայաստանի հետ միասին սերտօրէն աշխատելու իր պատրաստակամութիւնը` վերոնշեալ որոշումներու եւ նախաձեռնութիւններու իրականացման, ինչպէս նաեւ՝ ՖՄԿ 50-ամեակի ձեռնարկը Հայաստանի հետ համատեղ կազմակերպման համար: