Այցելութիւն՝ Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանին

Հայաստան, Սփիւռք

Հինգշաբթի, 10 Յունուար 2019-ին, Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան՝ Ն.Վ. Պրն Վահագն Աթաբեկեանի։ Դոկտ. Ճէպէճեան շնորհաւորեց Պրն. Դեսպանը իր նշանակումին առիթով։ Ան, ամփոփ գիծերու մէջ, ներկայացուց Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու տարած աշխատանքները՝ նեռարելով անոր միջազգային կառոյցը։ Դոկտ. Ճէպէճեան Պրն.Դեսպանին նուիրեց իր հրատարակած նոր գիրքը՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» եւ խօսեցաւ վերջերս Երեւանի մէջ կայացած շնորհահանդէսին մասին։

Պրն.Աթաբեկեան, իր հերթին, ըսաւ, թէ ան արդէն իմացած էր Դոկտ.Ճէպէճեանի աշխատանքներուն մասին եւ նաեւ Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու տարած գործունէութիւններուն մասին  Հայաստանի մէջ։ Պրն. Դեսպանը բարձր գնահատեց տարուած բոլոր աշխատանքները։

Դոկտ. Ճէպէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Դեսպանին եւ յաջողութիւն մաղթեց՝ հաստատելով շարունակելու իր գործակցութիւնը եւ նեցուկը դեսպանատան տարբեր գործունէութիւններուն մէջ։

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դեսպանատան միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու եւ մշակութային կցորդ՝ Դոկտ. Վլատիմիր Պօղոսեան։