Ոսկի Սմբուկներ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գէորգ Պետիկեան

Խորագիրը ձեր միտքը թող չպղտորէ։ Այս մէկը ո՛չ Թումանեանի հէքիաթներէն մէկն է եւ ոչ ալ՝ հայրէնի դասագիրքէ մը փրցուած էջ մը։ Միտքս պարզեմ։

Տօնական օրերու նախօրեակին էր։ Անձրեւոտ եւ տեղատարափ, նոյնքան ալ անհամ օր մը։ Նոյնիսկ տունէն դուրս գալը՝ անհաճոյ էր։ Երեկոյեան ընթրիքի հիւրեր պիտի ունենայինք։ Ու իմ բարի «բախտէս», դարձեալ ինծի վիճակուեցաւ վերջին վայրկեանին շուկայ երթալ։ Պարզ եւ յստակ։

-«Ի~նչ կ՚ըլլաս, սա մեզի մօտիկ նորաբաց խանութէն… գիտե՛ս ճանըմ… Սէրկէյէն, քանի մը հատ մեծ սմբուկներ գնէ՛…պէտք ունիմ…հաճիս…»։

Կինս էր խնդրողը։ Հնազանդեցայ։ Ուրիշ միջոց չկար։ Չունէի։ Ուստի հովանոցս վերցնելով, արագ մը ինքնաշարժ նետուեցայ եւ ահա քանի մը վայրկեանէն հասայ խանութ։ Է~հ աշխարհ…հաւատացէ՛ք, եթէ Պարոնեանը ողջ ըլլար, դարձեալ անպայման պիտի ըսէր.-«ոտքս կոտրեր այդ խանութը չմտնէի»։

Ինչ որ է։ Մտայ խանութ, թրջուած հաւու նման։ Նախ ինքզինքս հաւաքեցի եւ ապա հովանոցս գոցեցի եւ աղմուկը ալիք ալիք տուող այդ խանութին մէջ, զգոյշ մօտեցայ մայր սեղան, որուն դրամարկղին առջեւ յաճախորդէն գանձումներ կատարող հայու գեղեցիկ աչքերով աղջիկ մը կանգնած էր։

Բարեւեցի։ Բառերս բերնիս մէջ սկսած էին պարել ու շատ քաղաքավար հարցուցի։

-Ձեր մօտ,  մեծ սմբուկները ո՞ւր կը գտնուին։ Այսչափ միայն։ Ժպիտով եւ յարգանքով։

-Ի՞նչ ասացի՛ք։ Աղջկան նման յանկարծակի ու կոշտ ձայնը մտքիս ճերմակ թելերը կտրեց։ Խանգարեց։

Իսկապէս, որ յաճախ դժուար է մարդոց մտքին մէջ սողալ։ Բարեբախտաբար ճիշդ մօտս կարգի կեցող յաճախորդ մը, անմիջապէս օգնութեան հասնելով, խօսքս «հայերէնի» թարգմանեց։

-Է՛ս ծէծէն, պանճան է ուզում…մեծ պանճաններից…։

– Հա~, պաթլիճան, էնտեղ է, «պամիտոր»ին…«կարտօֆիլ»ին արանքում. Ժպիտը դէմքին վրայ վերականգնելով ու մէկ շունչով ըսաւ աղջիկը։

Հասկնալի էր։ Անմիջապէս իր մատի ուղղութեամբ փորձեցի քայլերս ուղղել։ Հէ~յ, ինչ ուրախութիւն. գտա՛ փնտռած՝ «պաթլիճանս»։ Բայց, ես ո~վ… սմբուկ զատողը ով։ Յանկարծ յիշեցի։ Կինս պատուիրած էր «քանի մը հատ»։ Սա անիծեալ «քանի մը հատը», քանի՞ հատ կ՚ընէր։ Եկո՛ւր եւ հաշուէ՛։ Ժամանակ շահելու համար աւելի երկար չմտածեցի։ Վերցուցի աչքիս զարնող առաջին երկու սեւ ու մեծփոր սմբուկները ու վերադառնալով մայր սեղան, կարգի կեցայ։ Կարգս շուտով հասած էր։ Ուրախ էի։ Իր կարգին, աղջիկը արագ մը վերցուց սմբուկներս, կշռեց ու աչքերը ինծի յառելով «չորս տոլար».- ըսաւ արագ ու նոյնքան ալ հեւքով։

Նախ եւ որովհետեւ չորս տոլարին չհաւատացի, չլսել ձեւացուցի։ Կրկին հարցուցի։ Շուարած էի։ Ականջներուս չէի հաւատար։ Երկու սմբուկ եւ չորս տոլա՞ր։ Այ աղջիկ, Աստուծմէ վախցիր, ո՞ւր կ՚ապրէինք՝ Պէվըրլի Հիլզ…։

Աղջիկը դարձեալ գինը կրկնեց, այս անգամ քիչ մը աւելի բարձրաձայն։ Փորձեցի միտքս վերականգնել։ Ժպիտս արդէն չորցած էր դէմքիս վրայ։ Այս որքան սուղ է եղեր…կը կրկնէի մտովի։ Անմիջապէս մտաբերեցի.- հո՛ս ո՛չ Հալէպի «Կիրակի» պազարն էր, կամ ալ Լոս Անճելըսի «տանթաուն»-քաղաքամէջի խանութներէն մէկը եւ ոչ ալ Երեւանի հանրայայտ Վերնիսաժ-շուկան, որ «պազար»-սակարկութիւն ընէի։ Ուստի բերանս չբացի, որովհետեւ կինս, այս անիծեալ սմբուկներուն անմիջական կարիքը ունէր։ Վերջ։ Գլուխս քանի մը անգամ ետ առաջ շարժեցի, յետոյ ալ ինքզինքս նեղուած, աւելի ճիշդ չհամոզուած եւ մանաւանդ խաբուած ձեւացնելով, գրպանէս հանեցի դրամապանակս ու աղջկան հինգ տոլարանոց մը տալով, ըսի վրդոված ձայնով.-«ինչ որ է, տուէ՛ք»։

Աղջիկը, անհոգ եւ անտարբեր, արագ մը գանձեց ու թուղթէ մէկ տոլարանոց մը վերադարձնելէ ետք, սմբուկները տոպրակի մը մէջ դնելով ինծի յանձնեց եւ ուրախ դէմքով «մերսի» մըն ալ ըսաւ։ Յետոյ ոտքի մատներուն վրայ կենալով, գլուխը աւելի բարձրացնելով, իբրեւ նոր յաճախորդ մը փնտռող՝ «յաճորտը» պոռաց։

Այդ վայրկեանին կարմրած աչքերէս կրնայիր կարդալ միտքս ու հոգիս։

Ե՛ս, որ ամէն տեղ եւ գրեթէ ամէն առիթով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծելու միտումով, սանկ կատակի նման բառեր կը շարէի, հիմա կարծես սեւն ու ճերմակը իրար խառնած էի։ Կը զգայի, որ իրապէս խաբուած մըն էի։ Բայց ի՞նչ ընէի։ «Բաղնիքը մտնողը կը քրտնի».- ըսած էին մեր մեծերը։

Վայրկեանին՝ միամիտ հոգիս տխրեցաւ։ Կը զգայի։ Բայց առանց «պանճանի» ինչպէ՞ս տուն կրնայի դառնալ։ Չէ՞, որ հիւրեր պիտի ունենայինք։ Բայց, միւս կողմէ ալ, այս ձեւով խաբուիլս, իրապէս որ շատ «դժուարիս գացած էր»։ Չէի կրնար կլլել։ Կլլուելիք չէր…։ Ուստի «սիրտս պարպելու» համար որոշեցի «երկու բառ» ըսել այս վաշխառուհիին։

– Օրիորդ, հո՛ս ուրիշ ոսկեղէն կը ծախէ՞ք։ Ըսի՛, յստակ եւ ակռաներս սեղմած։

– Ի՞՚նչ էք ասում, հո՛ս խանութ ա, ոսկեղէն չունենք.-ըսաւ այնպէս ձեւով մը, որ ըսել ուզեց, թէ «հէ~յ, տընպօ, հէ~յ ախմախ…չես տեսներ, հոս ոսկի-մոսկի չկայ, ա՛յ ապուշ…»։

– Ո՛չ, ո՛չ, ըլլալու է, ըսի շարունակելով զայրոյթս, ձեր «պանճանները վկայ… ունիք…»։

Կարծես սիրտս զովացած էր։ Միւս կողմէ մեր այս աղջիկը անհոգ, դարձեալ կրկնեց նոյն նախադասութիւնը եւ ապա տեսնելով իմ անվրդով կեցուածքս, ձախ դառնալով կանչեց.-

-Պա՛պ, պա՛պ …հէլէ՛, մի ռոպէ… շուտ առի՛ մօտս… ըսաւ, մտքիս մէջէն հիմնովին սրբելով քիչ առաջուայ խաղաղ դէմքով, զիս մեծապէս տպաւորած աղջկայ իր երեւոյթը։ Հարցը իրապէս սկսած էր կամաց-կամաց լրջանալ։ Հաստատապէս այս աղջիկը «աչքէս ելած» էր։

Վայրկեանին, չվառած սիկարէթ մը բերնին, սանկ վաթսունի մօտ, լայն ճակատով «մէկը» տնկուեցաւ։

-Ի՞նչ ա, ի՞նչ ա եղել, խի՞ ես կանչել…հարցուց այս մարդը արագ եւ ջղային ու կեցաւ ճիշդ դիմացս։

– Պա՛պ, ըսաւ աղջիկը, հեւքով եւ բաւական լուր՚ջ.-է՛ս մարդը ասում ա, ուրիշ ոսկեղէն ունէ՞ք…գիժ ա…պապ…գիժ ա… «յաճորտը» պոռաց կրկին։

Անմիջապէս մարդը ինծի դարձաւ։ Հիմա ես ու ինքը մենամարտի պատրաստուող աքլորներու նման կեցած էինք դէմ դիմաց եւ ան ալ յաճախորդներու անհամբեր թուացող շարքին ճիշդ առաջին տեղը։ Մարդը, ա~յ ինչպէս կրնամ բացատրել, Ճակատը մոմի պէս դեղնած, ծանր յօնքերով ու նոյնքան ալ ծանր կոպերով, իսկ բերնէն ալ չես գիտեր ի~նչ տեսակաւոր հոտեր բուրող …։

Յստակ էր, որ խանութէն ներս բառերս անկոչ տագնապ մը ստեղծած էին։

-Ի՞նչ ես ուզում.. ծէծէ՛..շուտ ասա՛, ի՞նչ ես ասում…չես տեսնում շատ զբաղ ենք…հոս խանութ ա…խի՞ ասում ես ոսկի… ձեռ ես առնում, չհասկացայ…, ասում ես ոսկի…խիիիի….չես ուզում, մի՛ վերցրու… առի կնա… պարզ ա՞…կնա՛։

Ու մարդը շարեց։ Շարեց երկար, ջղային ու կրքոտ։ Արտասանած բառերը ունէին միայն մէկ չափ եւ մէկ կշիռ։ Եթէ ձեռքէն գար, զիս կրնար ալ ապտակել։ Յստակ էր։ Դէմքը սկսած էր նմանիլ տարիներով պատէն կախուած հին նկարի մը։ Տխուր։ Փշրուած։ Փոշոտ։ Իրապէս, որ կեանքիս հոսքը պղտորած էր։ Զգալի էր։ Իսկ հիմա…ի՜նչ ամօթ բան… Աստուած իմ, ամէն մարդ զիս կը դիտէր։ Ամբողջ խանութը։ Արդեօք ո՞ր յանցանքիս համար։ Է՜հ վերջը…վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ո՞ւր պիտի հասնէինք…։

-Հէ՛յ, խօսացէ՛ք…շարունակեց մեր «հոտաւէտ» մարդը, իր բանակը փոքր նահանջէ մը ետք վերակազմող զօրավարի ձայնով։ Խանութին աղմուկը կրկնապատկուած էր.-չէ՛ք ուզում, յե՛տ տուէ՛ք, պանճանները։

Կը գոռար։ Ապա առանց ինծի առիթ տալու, տոպրակս ձեռքէս խլեց։

Ստիպուած, անխօս եւ գլխիկոր հինգ տոլարանոցս խլեցի աղջկան ձեռքէն, մէկնոցը սեղանին վրայ նետեցի եւ հովանոցս բանալով, ինքնաշարժ վազեցի, մտովի կրկնելով «քեզի ալ… պանճաններուդ ալ…գլուխդ անցնին»…։

Անմիջապէս ինքնաշարժ մտայ։ Դուռը փակեցի եւ առանց աշխատցնելու, արձանացած, նստեցայ ղեկին դիմաց, իր գլխուն զօրաւոր հարուած մը ստացողի նման եւ փորձեցի մտաբերել անհաճոյ պատահարը։ Այս ի՞՚նչ էր պատահածը։ Այս ի՞նչ աշխարհ է, մարդիկ նոյնիսկ պարզ կատակի ալ «չեն դիմանար»։ Իրապէս որ, ջղայնութիւնս հասած էր իր գագաթնակէտին։ Հիմա, այլեւս ալ սմբուկի մասին չէի մտածեր։ Մեծագոյն մտահոգութիւնս՝ տունը ի՞նչ պատասխան պէտք էր տայի։ Ահա հարցը։ Եթէ հիւրեր չունենայինք…հոգս չէր։ Հաւատացէ՛ք, նոյնիսկ ուրիշ խանութէ մը գնելու մտածումս ալ սպաննուած էր։ Չկար։ Որոշած էի տուն դառնալ։ Ուրիշ տեղէ պիտի չգնեմ, կը կրկնէի շարունակ։ Վիրաւորուած էի, նոյնքան ալ խաբուած։ Իրապէս։ Այսօր ալ առանց սմբուկի թո՛ղ մնանք…։ Բայց ինչպէ՞ս արդարանալ…։ Շուարումս քրտինք բերած էր ճակտիս։

Դուրսը անձրեւը տակաւին կը շարունակէր իր թափը, իսկ ներսը, ինքնաշարժիս մէջ, մտածումներս։ Կը զգայի, որ այս մէկը անիմաստ ապրումի մը սկիզբն էր, կը տրամաբանէր միտքս։

Էհ, «աշխարհի վերջը չէ եա…այսքան մտահոգութիւն, անտեղի էր» կը համոզէի ես զիս։ Ու ինչ հրաշք, հոգեկան այս տագնապիս մէջ յանկարծ ծնունդ առաւ նոր մտածում մը։

Իսկապէս, որ իրականութենէն կը ծնի սուտը.- ըսած էին մեր մեծերը։ Միտքս գնաց հեռուները։ Սուտի մը յօրինումը վստահութիւն տուաւ եւ նոյնքան ալ խաղաղութիւն բերաւ տագնապիս։ Անմիջապէս ինքնաշարժը աշխատցուցի։ Այս անգամ ուղղակի տուն։ Կինս անհամբեր՝ զիս դիմաւորեց։

-Քա՛ մարդ, ո՞ւր մնացիր…ո՞ւր են սմբուկները…խէ՛ր է…։

-Խէր է…խէր…կնիկ ճան…ըսի, ինքզինքիս ու ձայնիս թեթեւ տրտմութիւն եւ յուզում խառնելով.-խանութը գոց էր, ըսին, որ Սէրկէյը…հա՛, այդ իր խանութը նոր բացած Սէրկէյը…կեանքը քեզի…։

-Ի՞նչ կ՚ըսես…ա՛յ մարդ…տե՛ս ճակատագիր…վա~յ…վա~յ…մարդը նոյնիսկ չվայելած…։

Ու որպէսզի երկար-բարակ ցաւալի բառերու շարադասութէնէն հեռու մնայի, կամաց մը եւ գողտրիկ անցայ սենեակս։ «Սուգն» ու «վիշտ»ը մնացին խոհանոցէն ներս։ Իրապէս, որ այս նոր հնարած «գիւտս» սուտս, զիս ալ մխիթարած էր, նոյնիսկ վստահութիւն տուած՝ հաւատալու անիրականին։

Բայց, չար սատանայ, հազիւ ինքզինքս սեղանիս դիմաց տեղաւորած էի, յանկարծ կրկին լսեցի կնոջս ձայնը, այս անգամ ճիշդ ետեւէս։

-Է՛հ, քա՛ մարդ…հիմա գրելու ատե՞նն է… հիւրեր պիտի ունենանք…սա հանգուցեալ Սէրկէյէդ զատ, ուրիշ խանութ չկայ այս մեծ Կլէնտէյլի մէջ…։

Վայրկեանին, սենեակէս ներս «մուսաներս» պահածոյ պտուղի համ ստացան։