«Փորձենք Խաղաղութիւնը Ընտրել»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Դոկտ. Հրայր Ճէճէճեան

Տարին` 1918: Ա. Աշխարհամարտի մեծ զինադադարը, որուն հարիւրերորդ տարեդարձն է այս տարի` 2018: Այս իմաստով, անցնող տարուան ընթացքին տեղի ունեցան շատ մը յիշատակութիւններ` սկսելով Ֆրանսայէն ու տակաւին շատ մը երկիրներու մէջ: Այս առումով ուշադրութիւնս գրաւեց անգլիական «ԱՅ» թերթին մէջ հրատարակուած բաւական ընդարձակ յօդուած մը, որ կը կրէր «փորձենք խաղաղութիւնը ընտրել» վերնագիրը: Յօդուածը մէկ կողմէ կ՛անդրադառնար այդ առիթով կատարուած բոլոր յիշատակումներուն, իսկ միւս կողմէ հարիւր տարիներ առաջ պատահած այդ պատերազմի սարսափազդու եղելութիւններուն ու պատահարներուն: Ի՛նչ խօսք, որ պատերազմը մնայուն կերպով եւ ամբողջ պատմութեան ընթացքին եղած է կործանարար ու սփռած է կոտորած, մահ ու աւեր:

Ռութ, որ հանգստեան կոչուած անգլիացի  ուսուցչուհի մըն է, մասնակցելով յիշատակումներուն կ՛ըսէ. «Շատ կարեւոր է այս յիշատակումները կատարելը, քանի մեծ թիւով երիտասարդներու կեանքեր կործանուած են»: Ու շարունակելով իր յուզումնախառն պոռթկումը, ան կ՛արտայայտուի ըսելով. «Երբ կը նայիս բոլոր գերեզմանաքարերուն… ինչքա՜ն յուզիչ է: Այս որքա՞ն երիտասարդ մահացած է»:

Անկլիքան եկեղեցւոյ Ուեսթմինիսթըրի հոգեւոր առաջնորդ Ճոն Հոլ արքեպիսկոպոսը հանդիսութեան ընթացքին բարձրացուցած իր աղօթքին մէջ, երբ կը յիշատակէ այդ պատերազմի ահաւոր երեւոյթները, նաեւ կը  ցանկայ, որ կարելի ըլլայ ատելութիւնը փոխել բարեկամութեան ու համագործակցութեան, «որովհետեւ այս է յոյսը աշխարհին», կ՛ըսէ ան:

Բայց բարեկամութիւնը եւ համագործակցութիւնը կրնան իրականանալ միայն այն ատեն, երբ կայ «ուրիշը ընդունելու» տրամադրութիւնը: «Ուրիշը ընդունելու»-ն մէջ կ՛իյնան նաեւ «ուրիշը հասկնալու» եւ «ուրիշ»-ին ապրելու եւ գոյատեւելու նոյնքան իրաւունք ունենալու իրականութիւն ընդունելու հանգամանքները: Այս իմաստով Ֆրանսայի նախագահ էմանուէլ Մաքրոնի խօսքը չուշացաւ. ան յիշատակումի հանդիսութեան ընթացքին ըսաւ. «Ազգամոլութիւնը ազգասիրութեան ճիշդ հակառակն է: Ազգամոլութիւնը կը դաւաճանէ ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան»:

Նախագահ Մաքրոնի խօսքը ճշգրիտ ակնարկութիւն մըն էր: Ազգամոլութիւնը կը միտի «ես»-ի հասկացողութեան եւ կ՛ապրի այդ նոյն «ես»-ի պատեաններուն մէջ: Իսկ ազգասիրութիւնը` «ես»-ը սիրելով հանդերձ կը քաջալերէ, որ նոյն այդ «ես»-ը բաժնեկցի իր պատեաններէն դուրս նաեւ դիմացինին` իմա «ուրիշին» հետ: Եւ ուրիշին հետ կեանքի բաժնեկցութեամբ է, որ կարելի է ստեղծել խաղաղութիւնը: Այս իմաստով նախագահ Մաքրոն յարմար նկատեց ըսելու հետեւեալ խօսքը. «Ուխտենք, որ խաղաղութիւնը նախապատուութիւն դառնայ մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ»:

Ուրիշը հասկնալու, զայն ընդունելու եւ միասին խաղաղութիւն կերտելու գաղափարին շուրջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ըսաւ. «Մենք բոլորս միասին պէտք է որ աշխատինք, որովհետեւ մեր բոլոր մարտահրաւէրները այսօր կարելի չէ մէկ պետութեան միջոցաւ լուծել»:

Իննսուն տարեկան իր այսօրուան յառաջացած տարիքին մէջ, քանատացի Ճորճը տակաւին կը սգայ իր շատ երիտասարդ մօրեղբօրը Ճորճին, որուն անունը կը կրէ, նահատակութիւնը` Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին: Ան երիտասարդ հասակին արձակազէնի մը փամփուշտով զգետնուած է զինադադարէն միայն երկու վայրկեան առաջ:

Ճորճը կը պատմէ, թէ իր մօրեղբայրը երբեք չէ ուզած զինուորագրուիլ, եւ երբեք ալ չէ սիրած պատերազմը. տակաւին չենք խօսիր մարդ սպաննելու մասին: Սական իբրեւ քաղաքացիական պարտականութեան եւ ազգային հաւատարմութեան արտայայտութիւն ան զինուրագրուած է։ Եւ այս նոյն հաւատարմութիւնն ու պարտականութիւնը խլած են անոր կեանքը:

Յիշատակումի այս ձեռնարկէն չուշացաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը. «Մենք պատմութիւնը չենք կրնար փոխել բայց պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ, որպէսզի մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ»:

Ճի՛շդ է, որ «պատմութիւնը չենք կրնար փոխել». շատ են երիտասարդ «Ճորճ»-երը, որոնք մահացան պատերազմի ժամանակ, եւ երեւի զինադադարի վերջին երկու վայրկեաններէն առաջ: Շատ ճի՛շդ է, որ այս բոլոր անցած պատմութիւնները չենք կրնար փոխել: Այս նոյն պատմութեան մէջ կ՛իյնայ նաեւ հայուն պատմութիւնը, որ նոյնպէս չենք կրնար փոխել:

Երբ կը հետեւէի Ա. Աշխարհամարտի զինադադարի 100-ամեակին նուիրուած բոլոր ելոյթներուն, հանդիպեցայ նաեւ Կարօ Արմէնեանի մէկ գրութեան, որուն մէջ հեղինակը կ՛ըսէր. «Պէտք է իրապէս զարմանալ այն իրողութեան վրայ, որ հայութեան յիշողութենէն գրեթէ ջնջուած է զինադադարի այս մեծ եղելութիւնը»: Նոյնքան ուշագրաւ էր նաեւ անգլիացի լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի կատարած «Հաշուեյարդարը»` հարիւր ամեակի յիշատակումներուն: «Բոլոր այս յիշատակութիւններուն մէջ ու յիշատակի ձեռնարկներուն ընթացքին, չկրցայ տեսնել մէկ նկատողութիւն` մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրին` Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին գործուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ցեղասպանութիւն մը, որ գործուեցաւ 1915-ին` Գերմանիոյ դաշնակից Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ, եւ որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր», ըսաւ Ֆիսք:

Այս ակնարկութիւններուն ընդմէջէն սկսայ ես ալ մէկ-մէկ վերանայիլ հայուն, յատկապէս իմ ընտանիքիս պատմութիւնը` նոյնինքն այդ տարիներուն, երբ զինադադարէն առաջ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ ահաւոր Ցեղասպանութեան: Այդ պատմութիւններուն շարքին կար իմ ընտանիքիս պատմութիւնը, որ կը վերաբերի Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին մեծ հօրս` տոքթ. Աւետիս Ճէպէճեանին, որ պատերազմին մասնակցած էր Օսմանեան բանակին մէջ իբրեւ բժիշկ-գնդապետ: Ան իր յուշագրութիւններուն ընդմէջէն կը նկարագրէ պատերազմի ահաւորութիւնը: (Ի դէպ անոր յուշագրութիւնները թրքերէն լեզուով լոյս տեսան Պոլսոյ մէջ, 2015-ին): Յուշագրութիւններէն մէկուն մէջ արձանագրուած է. «Ամէն կողմ լեցուն էր մարդկային գանկերով, թեւերու եւ սրունքներու ոսկորներով: Փամփուշտի կտորներ, վրանի մնացորդացներ, կօշիկի կտորներ` ամէն կողմ»: Սակայն ան իր բժիշկի ուխտին հաւատարիմ մնացած է: «Այս գիշեր անքուն մնացի մինչեւ առաւօտ այդքան որ շատ է գործը», կը գրէ ան: Ան հաւատարիմ մնացած է նաեւ զինուորականի իր ուխտին, նոյնիսկ երբ տեսած է հայուն տարագրութիւնն ու մահը: «Տասներկու հազար գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն, անգութ ու անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ: Ու տակաւին ամէն տեղ հայու ոսկորներ», շարունակած է գրել ան: Աւետիս Ճէպէճեան իր զինուորագրութեան ժամանակ լսած է նաեւ իր հարազատ ընտանիքին անդամներուն մահը: «Նոյեմի քրոջս Սեպխա լեռը` սուրիական անապատ քշուած ըլլալը, եւ անոր Գէորգ ու Կարապետ տղոց մահացած ըլլալը տեղեկանալով` շատ տխրեցայ», գրած է ան:

Աւետիս Ճէպէճեան այն հայն էր, որ գիտակից էր իր պաշտօնին` նոյնիսկ երբ կը ցաւէր: Եւ ան հաւատարիմ մնաց իր ծառայած ու զինուորագրուած բանակին: Այս այն բանակն էր, որ անոր ծառայութեան ընթացքին կը տարագրէր իր ժողովուրդը եւ իր ընտանիքը:

Աւետիս Ճէպէճեան այն հայն էր, որ երբեք դասալիք չեղաւ եւ ոչ ալ դաւաճանեց «վաթանին», ինչպէս որ հայը այդ յանցանքով ալ մեղադրուեցաւ այդ տարիներուն: Դարձեալ Աւետիս Ճէպէճեանի յուշերէն է այն պատմութիւնը, թէ պատերազմի ժամանակ երբ ռմբակոծուած ուտեստեղէնի նաւը սկսած է հրկիզուիլ` ոչ մէկ թուրք զինուոր համարձակած է զայն մարել: «Գտնուած բարձրութենէս վեր կանգնելով` զինուորներուն բացագանչեցի. Օ՜ն, ասլաններս, վաթանին ծառայելու օրը այս է. օ՜ն, հրդեհը մարելու, օ՜ն: Ընկճուած զինուորները սիրտ առնելով վար խոյացան այդ ցից զառիթափէն` եւ սկսան կրակը մարել», գրած է Աւետիս Ճէպէճեան:

Այս հայուն պատմութիւնն է: Ու տակաւին իմ ու ընտանիքիս պատմութիւնը, որ «չենք կրնար փոխել»: Բայց կը յիշենք այս պատմութիւնը, որովհետեւ վարչապետին հետ համաձայն ենք որ «պատմութիւնը կրնայ փոխել մեզ, որ մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ»: Այս ալ մեր «պահանջատիրութիւնն» է` «Մեր ապագան աւելի լաւ դառնայ»:

Իսկ «մեր ապագա՞ն»: Ճիշդ է, որ համայն մարդկութեան կը վերաբերի խօսքը, սակայն հայուն համար ալ, որովհետեւ հայը հաւատացած է, որ «մեր ապագան» պէտք է կերտել խաղաղութեան ընտրանքին վրայ:

Ա. Աշխարհամարտի պատմութեան դասը առկայ է ամբողջ մարդկութեան համար, ներառեալ հայուն: Այս առումով, վարչապետը ըսաւ. «Որեւէ պետութիւն չի կրնար իր յաջողութիւնը կառուցել ուրիշներուն թշուառութեան վրայ, ո՛չ ոք կրնայ ազատութիւն ձեռք բերել ուրիշներու ստրկութեան հաշուոյն»:

Դարձեալ կ՛անդրադառնանք Ռապըրթ Ֆիսքին, այս անգամ կեդրոնանալով անոր վերլուծումին, որ կը վերաբերի բոլոր այս յիշատակումներուն: «Կը զարմանամ այն խոր լռութեան, որ կը ցուցաբերուի Ա. Աշխարհամարտի այն զոհերուն նկատմամբ, որոնց աչքերը այնքան կապոյտ չէին` ինչքան մերը, որոնց մորթը այնքան ճերմակ չէր որքան մերը, եւ այն իրականութեան, որ անոնց ցաւերը տակաւին կը շարունակուին Ա. Աշխարհամարտէն ցայսօր», կը գրէ Ֆիսք:

Այս ցաւին մէջ է նաեւ իմ` հայուն եւ հայ ժողովուրդին ցաւը, որ տակաւին կը շարունակուի` Ա. Աշխարհամարտէն մինչեւ օրս:

Սակայն կայ այսօրը, որուն ընդմէջէն կ՛արտացոլայ նաեւ վաղուան տեսլականը:

Երբեմն կը վերանայիմ Աւետիս Ճէպէճեանի` մեծ հօրս կեանքը, անոր ուխտը եւ հաւատարմութիւնը, ու կը տեսնեմ մեր ընտանիքի ցեղասպանուած քսանեւհինգ նահատակներու կեանքերը: Տակաւին չենք խօսիլ մէկուկէս միլիոն հայու թափած արեան մասին…

Հայը միշտ ալ պահեց իր ուխտը եւ հաւատարմութիւնը, եւ իր կեանքին գնով ծառայեց այդ ուխտին` խաղաղութեան ու  հաւատարիմ մնաց այդ ընտրանքին: Հայը ազգասէր է, եւ իր արդար պահանջատիրութիւնը չի դներ այլ ժողովուրդներու հաշուոյն: Ընդհակառակն` հայուն պահանջատիրութիւնը կը միտի հասնիլ արդար համակարգի մը, որ բոլորին ձեռնտու է, ներառեալ` հայուն:

«Փորձենք խաղաղութիւն ընտրել»:

Այս է հայուն ուխտը եւ հաւատարմութիւնը: Խաղաղութեան ընտրանքը` արդար համակարգի մը ընդմէջէն:

 

Դեկտեմբեր 2018