ՄԻԵԴ-ը Պարտաւորեցուցած է ազրպէյճանը Մինչեւ Օգոստոս 31 Գերիներուն Դատավճիռները Տրամադրել
ՄԻԵԴ-ը պարտաւորեցուցած է ազրպէյճանը մինչեւ Օգոստոս 31 տրամադրել գերիներուն դատավճիռները։ Այս մասին կը յայտնեն «Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն» ՀԿ-էն։
«ազրպէյճանը շարունակաբար դիմում կը ներկայացնէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ խնդրելով վերացնել միջանկեալ միջոցը, որմով ազրպէյճանը կը պարտաւորուի պարբերաբար հաշուետուութիւն ներկայացնել ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու պահման պայմաններուն, անոնց առողջական վիճակին մասին։ ազրպէյճանը կը հաւաստիացնէ, որ բոլոր գործընթացները կ՝ընթանեն թափանցիկ եւ հրապարակային։
ՄԻԵԴ-ը 2026 թ․ Ապրիլ 9-ին մերժած է ազրպէյճանի հերթական դիմումը՝ ազրպէյճանի կառավարութեան կրկին պարտաւորեցնելով շարունակել տրամադրել տեղեկութիւններ կալանաւորուածներու պահման պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անոնց վերջին բժշկական քարտերուն եւ իրականացուած բժշկական հետազօտութիւններուն ու բուժման վերաբերեալ այլ փաստաթուղթերու մասին: ՄԻԵԴ-ը պարտաւորեցուցած է նաեւ ներկայացնել հայ գերիներուն դէմ յարուցուած քրէական վարոյթի ծիրէն ներս կայացուած դատավճիռներուն պատճէնները կամ այդ դատավճիռներուն ամփոփագրերը, որոնք պէտք է ներառեն դատավճիռ կայացուցած դատաւորներուն հիմնաւորումները՝ գործին մէջ առկայ ապացոյցներուն վրայ հիմնուած։
Զեկոյցի ներկայացման յաջորդ վերջնաժամկէտը 2026 թ․ Օգոստոս 31-ն է»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
