«Ապրիլ 24»-ը Ցեղասպանութեան Յիշատակումի Օր Հռչակելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին

Աշխարհ, Սփիւռք

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան, Յունուար 11-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն ընկերակցեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Հանդիպումին ընթացքին քննարկած են հիմնական երկու հարց, որոնցմէ առաջինը Լիբանանի ներկայ իրավիճակն է, որ պէտք չէ նոյն ընթացքով շարունակուի:

Երկրորդ հարցը, որուն մասին քննարկումներ կատարած են, խորհրդարանին ներկայացուելիք օրինագիծ մըն է: «Նախքան այդ օրինագիծին խորհրդարան ներկայացումը, ուզեցինք զայն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջարկել: Օրինագիծին հիման վրայ՝ Ապրիլ 24-ը Լիբանանի մէջ պիտի հռչակուի Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր, որուն ընթացքին պիտի յիշուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Լեռնալիբանանի սովը, որոնց ենթարկուեցան հայ, ասորի, քաղդէացի, մարոնի եւ շիի փոքրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք հալածանքի ենթարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած այդ դժուար ժամանակաշրջանին ընթացքին»,- շեշտեց Ժեմայէլ:

Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ողջունեց օրինագիծը` հաստատելով, որ օրինագիծին գծով նկատի պիտի առնուին երեսփոխան Յ. Բագրատունիի առաջարկած բարեփոխումները: «Օրինագիծը միասնաբար ստորագրելէ ետք պիտի ներկայացնենք խորհրդարան եւ այդ իմաստով պիտի գործակցինք ու խորհրդակցութիւնները շարունակենք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ու քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ` ապահովելու համար անոր շուրջ խորհրդարանին համախոհութիւնը, որովհետեւ Լիբանանը բաղկացնող տարրերը փոքրամասնութիւններն են, եւ բոլոր այս փոքրամասնութիւններն ու համայնքները, որոնք հալածուած են ու անիրաւուած` հիմնած են Լիբանանը եւ անոնք այս երկրին մէջ եղած են նախքան Մեծն Լիբանանի յայտարարութիւնը: Անոնց շնորհիւ է, որ կերտուած է Լիբանանն ու պետութիւնը, հետեւաբար լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ընդունի եւ ճանչնայ այդ փոքրամասնութիւններուն նահատակութիւնը, զոհողութիւնները եւ անոնց շնորհէ իրենց իրաւունքը: Իրաւունքը` ունենալու Ազգային օր մը, որուն ընթացքին յիշատակուին բոլոր նահատակներն ու Լիբանանի պատմութեան ընթացքին այդ համայնքներուն մատուցած զոհողութիւնները»,- եզրափակեց Ժեմայէլ: