Բանակը Սպառազինութեան Նոր Տեսակներով Համալրելու Ուղղութեամբ Շօշափելի Արդիւնքներ Արձանագրուած են. ԶՈՒ Գլխաւոր Շտապի Պետ

  ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցող գործնական հաւաքին Մարտ 26-ին «ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ առկայ վիճակը եւ զարգացման ուղղութիւնները» թեմայով դասախօսութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի […]

Արմէն Սարգսեան Հանդիպած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ: Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութենէն, նախագահ Սարգսեան, որ 2016 թուականէն ՀԲԸՄ տնօրէններու կեդրոնական […]

Հայաստանի Մէջ Կայ 60-70 Հազար Ծայրայեղ Աղքատ

Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատութիւնը կը կազմէ մօտ 2.3 տոկոս: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կենսաթոշակի նուազագոյն շեմ սահմանելու մասին օրէնքի ներկայացման ժամանակ Ազգային ժողովին մէջ ըսաւ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու […]

Ծառատունկ՝ Ի Յիշատակ Ապրիլեան Պատերազմի Զոհերուն

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը, ՀՅԴ Ազատամարտիկներու յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-Հասկը եւ Համազգայինը Մարտ 30-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Եռաբլուր պանթէոնին մէջ պիտի կազմակերպեն միացեալ ծառատունկ՝ […]

Բնակարաններու Գիները Աճած Են Թէ՛ Երեւանի Եւ Թէ Մարզերուն Մէջ

Անշարժ գոյքի կադաստրի (կալուածագիրի) վարչութիւնը կը յայտնէ, որ Փետրուար 2019-ին, Հանրապետութեան տարածքին անշարժ գոյքի նկատմամբ իրականացաւ պետական գրանցման 13,223 գործարք. ցուցանիշը Յունուար 2019-ի հետ համեմատած՝ աճած է 43.6 տոկոսով,  Փետրուար […]

Կովսականի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Գէորգ Հաճեանի Համերգը

Համազգայինի Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Քաշաթաղի վարչակազմի համագործակցութեամբ Քաշաթաղի շրջանի ամէնէն հեռաւոր, սահմանամերձ Կովսական քաղաքին մէջ, Մարտ 22 -ին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեանի համերգը՝ նուիրուած մեծն Կոմիտասի […]

Տնտեսութիւնը 6.5 Տոկոսով Աշխուժացած Է

Այս տարուան Յունուար-Փետրուար ամիսներուն, տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը (ՏԱՑ) Հայաստանի մէջ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատած՝ աճած է 6.5 տոկոսով: Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած նախնական տուեալները ցոյց կու տան, որ միայն […]

Նուազագոյն Կենսաթոշակը Հայաստանի Մէջ Պիտի Կազմէ 25 Հազար 500 Դրամ

 ՀՀ ազգային ժողովի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողովը միաձայն դրական եզրակացութիւն տուաւ «Պետական կենսաթոշակներու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծին: Օրէնքին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ […]

Փաշինեան ու Ալիեւ Պիտի Հանդիպին Մարտ 29-ին

Մարտ 29-ին Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ sputnik.armenia-ն“  այդ մասին յայտնած է Վիեննայի մէջ դիւանագիտական աղբիւրը աւելցնելով, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԵԱՀԿ […]