Հայաստանի Մէջ Կայ 60-70 Հազար Ծայրայեղ Աղքատ

Հայաստան

Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատութիւնը կը կազմէ մօտ 2.3 տոկոս:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կենսաթոշակի նուազագոյն շեմ սահմանելու մասին օրէնքի ներկայացման ժամանակ Ազգային ժողովին մէջ ըսաւ ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Սմբատ Սաիեան:

«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան հետաքրքրուեցաւ երկրին մէջ ծայրայեղ աղքատներու թիւով:

«Ծայրայեղ աղքատութիւնը երկրին մէջ կը կազմէ մօտ 2.3 տոկոս: Բայց սա չի նշանակեր, թէ պետութիւնը գիտէ բոլոր ծայրայեղ աղքատներուն տեղը: Մօտ 60-70 հազար անձ Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատ է: Սակայն բոլորը չէ, որ կենսաթոշակառուներ են: 2.3 տոկոսին չնչին մասն է, որ կենսաթոշակառուներն են: Միաժամանակ՝  կենսաթոշակառուները աղքատութեան վտանգին աւելի ենթակայ են` հաշուի առնելով աշխատանքային եկամուտներ ունենալու հնարաւորութեան սահմանափակումը»,-նշած է Սաիեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ կենսաթոշակի չափի 1 000 դրամով բարձրացումը կ՛ենթադրէ շուրջ 5 միլիառ դրամ լրացուցիչ ծախս: Սաիեանը շեշտած է, որ օրէնքին մէջ ամրագրուած է յստակ նպատակ` ապահովել առնուազն գնաճի նկատմամբ առաջանցիկ կենսաթոշակի միջին չափի աճ: