Արմէն Սարգսեան Հանդիպած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութենէն, նախագահ Սարգսեան, որ 2016 թուականէն ՀԲԸՄ տնօրէններու կեդրոնական խորհուրդի անդամ է, Պերճ Սեդրակեանի հետ խօսած է ՀԲԸՄ ընթացիկ եւ յառաջիկայ ծրագիրներու մասին, յատկապէս կարեւոր նկատած է կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական այն ձեռնարկները, որոնք նպատակ ունին սփիւռքահայ երիտասարդ սերունդի մէջ սերմանել ազգային հարուստ ժառանգութեան եւ աւանդոյթներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւն:

Ողջունելով կազմակերպութեան ընդլայնուող ներկայութիւնն ու գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ՝ Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է Միութեան ներգրաւուածութիւնը համահայկական խնդիրներու լուծման գործին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Պերճ Սեդրակեան անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն, անոնց զարգացման ու ամրապնդման ուղղուած ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան, հայակեդրոն ու հայաստանակեդրոն ծրագիրներու իրականացման: