Բանակը Սպառազինութեան Նոր Տեսակներով Համալրելու Ուղղութեամբ Շօշափելի Արդիւնքներ Արձանագրուած են. ԶՈՒ Գլխաւոր Շտապի Պետ

Հայաստան

 

ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցող գործնական հաւաքին Մարտ 26-ին «ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ առկայ վիճակը եւ զարգացման ուղղութիւնները» թեմայով դասախօսութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար Արտակ Դաւթեան:

Դասախօսութեան ընթացքին ան մասնակիցներուն ներկայացուցած է վերջին շրջանին զինուած ուժերուն մէջ իրականացուած եւ ընթացիկ աշխատանքները, մասնաւորապէս՝ զօրքերու պատրաստութեան, մարտական հերթապահութեան արդիւնքները, ուսումնամարտական խնդիրներու կատարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղուած ծրագիրները:

Զօրավար Դաւթեան նշած է, որ ՀՀ զինուած ուժերու ղեկավարութիւնը ամենօրեայ ուշադրութիւն կը դարձնէ բանակի՝ սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերով համալրելու, մարտական հերթապահութիւն կատարող զինուորներու պայմանները կատարելագործելու աշխատանքներուն եւ փաստած, որ այս ուղղութեամբ արձանագրուած են շօշափելի արդիւնքներ: