Դպրոցի Մը Պատմութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Պողոս Շահմելիքեան


55 տարիներ անցած են այն պատմական թուականէն, երբ Ամերիկայի առաջին հայկական ամէնօրեայ դպրոցը` Ֆերահեան ազգային վարժարանը, Լոս Անճելըսի հայ համայնքին առջեւ բացաւ իր դռները: Դարձաւ լոյսի աղբիւր: Ամերիկայի օտար ափերուն հայ աշակերտներ առիթը ունեցան սորվելու իրենց մայրենին, հայոց պատմութիւնը եւ ծանօթացան հայ գրականութեան:

Փա՛ռք ու պատիւ` դպրոցի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճեճիկեանին, բարերար Մատթէոս Ֆերահեանին, առաջին ուսուցչական նուիրեալ անձնակազմին, եւ` բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ իրագործել «անկարելի» կարծուած այս դժուար ծրագիրը:

Խորին շնորհակալութիւնս` Գաբրիէլ եւ Ռոզ Ինճեճիկեաններուն եւ Անահիտ Մէյմարեանին, որոնցմէ քաղած լայն տեղեկութիւններուս վրայ հիմնուելով` պիտի ջանամ  ներկայացնել Ամերիկայի առաջին ամէնօրեայ հայկական վարժարանին պատմութիւնը:

1964-ին, կիրակի առաւօտ մը, Զաւարեան աշակերտական միութեան մեր հերթական ժողովին մուտք գործեց անծանօթ երիտասարդ մը:

Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան կողմէ յաճախ կ՛ուղարկուէին տարիքով մեզմէ քանի մը տարի մեծ համալսարանականներ, որոնք կը զեկուցէին զանազան նիւթերու շուրջ:

Այդ օրուան անծանօթ երիտասարդ հիւրը զաւարեանական մը չէր:

Ընդհանուրին բարեւելէ ետք գրաւեց մեր ժողովատեղիի ամենաետեւի աթոռներէն մէկը:

Մեր հերթական ժողովը աւարտելուն քանի մը վայրկեան մնացած, հրաւիրեցին զինք` յայտնելով, որ պիտի խօսէր խիստ կարեւոր նիւթի մը շուրջ:

Ամերիկայէն ժամանած ուսուցիչ մըն էր: Գաբրիէլ Ինճեճիկեան էր անունը, որ տարիներ առաջ, իր ծննդավայր Քեսապէն գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ` բարձրագոյն ուսումը շարունակելու, եւ շատ մը ուսանողներու նման, չէր վերադարձած իր ծննդավայրը:

Իր ստացած բարձրագոյն վկայականով, նիւթական լաւ վարձատրութեամբ, կը  դասաւանդէր ամերիկեան դպրոցներու մէջ, սակայն իր փնտռածը այդ չէր: Ի տես ամերիկաբնակ հայերու կտրտուած հայերէն խօսակցութեան, մեծամասնութեամբ անծանօթ` Մեսրոպ Մաշտոցի մեծասքանչ հայ գիրերուն, իր երազն էր հիմնել հայկական վարժարան մը, որպէսզի հայ աշակերտներ պատեհութիւնը ունենան սորվելու իրենց մայրենին, ծանօթանան հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան:

Միջին Արեւելքի մէջ բախտաւոր եղած ենք: Ունինք տասնեակներով հայկական վարժարաններ, մշակութային կեդրոններ, եկեղեցիներ, հայ մամուլ: Անդին` երկրագունդին հակառակ կողմը, Միացեալ Նահանգներու մէջ, այն տպաւորութիւնը ունէինք, որ հոն հաստատուածները մեզմէ աւելի բախտաւոր հայեր են: Հաւանաբար մեզմէ աւելի լաւ պայմաններու մէջ կ՛ապրին, սակայն ի՞նչ իմաստ ունի «լաւ պայմաններու» մէջ ապրիլը, երբ անծանօթ են մեր մեծասքանչ լեզուին:

«Որոշած եմ Լոս Անճելըսի մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը բանալ,- մեզի յայտնեց երիտասարդ հիւրը: – Առաջին տարին  նոյնիսկ եթէ մէկ աշակերտով սկսինք, յաջորդ տարին աշակերտութեան թիւը 100 տոկոս յաւելում պիտի արձանագրէ, եւ պիտի ունենանք երկու աշակերտ», կատակեց Ինճեճիկեանը:

Բոլորս խնդացինք: Խնդացինք իր «հիւմուրին», միեւնոյն ժամանակ հիացանք իր ինքնավստահութեան:

Համոզուած էր, որ պիտի յաջողի եւ … յաջողեցաւ:

Այդ օր մեզի բաժնեց խոստումնաքարտեր, որպէսզի իւրաքանչիւրս 10 լիբանանեան թղթոսկիով մեր մասնակցութիւնը բերենք` օգտակար հանդիսանալու ազգանուէր այդ սուրբ գործին:

Շատ մը տեղեկատուութիւններ կարդացած եմ Ամերիկայի առաջին ամէնօրեայ «Ֆերահեան» վարժարանի հիմնադրութեան եւ սկզբնական տարիներու մասին, սակայն նախընտրեցի ջուրը աղբիւրէն խմել եւ ստանալու համար ճշգրիտ տեղեկութիւններ` այցելեցի Ինճեճիկեաններու բնակարանը եւ Գաբրիէլ եւ  Ռոզ Ինճեճիկեաններէն ստացայ լայն տեղեկութիւններ:

Շատ բան յիշեցին, սակայն վստահաբար շատ մը մանրամասնութիւններ կրնային մոռցուած ըլլալ:

«Պէտք էր գրի առնէի, բայց …», չշարունակեց Ինճեճիկեանը: Վստահաբար եթէ գրի առած ըլլար, հիանալի հատորի մը կրնար վերածուիլ պատմական այդ տարիներու պատմութիւնը:

Հակառակ իրենց տուած լայն տեղեկութիւններուն` երկուքն ալ յանձնարարեցին Անահիտ Մէյմարեանին անունը, որ եղած է Ֆերահեան վարժարանի առաջին ուսուցչուհիներէն, որմէ կարելի էր ստանալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ:

Վերջինս սիրայօժար պատմեց, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ Ամերիկայի առաջին հայկական դպրոցը: Ազգային «Ֆերահեան» բարձրագոյն վարժարանը:

* * *

Ամերիկայի մէջ մեծ էր Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած պանդուխտ հայերու թիւը: Աւելի ուշ աւելցան նաեւ Արեւելեան Եւրոպայէն գաղթական հայեր` ռումանահայեր եւ պուլկարահայեր, սակայն Կիլիկիայէն Միջին Արեւելք գաղթած հայերու նման` չկառուցեցին հայկական վարժարաններ: Բաւարարուեցան շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ շաբաթական քանի մը ժամ հայերէն դասաւանդելով, իսկ այդ դպրոցներէն շրջանաւարտները հազիւ թէ կարենային հայերէն քանի մը տող կարդալ կամ գրել: Հաւատք չունէին, որ քանի մը հարիւր հոգի հայերէն գրել-կարդալ սորվելով` կարելի պիտի ըլլար գաղութը փրկել ձուլումէ: Փոխարէնը` Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներուն նիւթապէս օգտակար հանդիսանալով` ձեւով մը իրենց ճիտին պարտքը կատարած կը համարէին: Դպրոց եւ եկեղեցի կառուցելու միտումով յաճախ բաւական մեծ գումարներ կ՛ուղարկէին: Հայկական վարժարաններու մէջ սաներ կը պահէին, սակայն իրենց համար անկարելի կը թուէր Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ կառուցելը:

Այդպէս չէր մտածեր Մատթէոս Ֆերահեանը:

Մատթէոս եւ Եւնիկէ Ֆերահեան

Նախ` պարտք կը զգամ ծանօթացնելու  ազգային բարերար Մատթէոս Ֆերահեանը, որուն անունով կը կոչուի Ամերիկայի առաջին հայկական վարժարանը, ինչպէս նաեւ` դպրոցի հիմնադիր Գաբրիէլ Ինճեճիկեանը:

Մատթէոս Ֆերահեանը ծնած է Անգարա, 1870-ին: Պատանի տարիքէն մաս կազմած է ՀՅԴ-ի շարքերուն: 20 տարեկանին, զէնք փոխադրելու ժամանակ, ձերբակալուած եւ թրքական բանտերուն մէջ դիմացած է չարչարանքներուն եւ չէ մատնած իր գործընկերներուն անունները:

Յաջողած է փախչիլ բանտէն: Անցած է Երուսաղէմ: Յաճախած է ժառանգաւորաց դպրեվանքը, եւ հոն է, որ սորված է հայերէն գրել-կարդալ: Քանի մը տարի ետք հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ:

1915-ին Լոս Անճելըսի USC (University of Southern California) համալսարանէն վկայուած է որպէս իրաւաբան:

Իր իրաւաբանական ասպարէզի ընթացքին օգտակար կը հանդիսանայ բազմաթիւ հայ գաղթականներու օրինաւոր կեցութեան թուղթերը ապահովելու եւ այս բոլորը` անվճար:

Մատթէոս Ֆերահեանը ամուսնացած էր իրեն նման Անգարայի ծնունդ Եւնիկէ Շիշմանեանին հետ: Իրենց շքեղ բնակարանը ամէն շաբաթ երեկոյեան հրաւիրուած փոքրաթիւ լոսանճելըսաբնակ հայերը, որոնց կարգին` հայր եւ որդի Միհրդատ եւ Արշակ Տիգրանեանները, յաճախ կ՛արծարծէին հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը հիմնելու կարիքը:

Ֆերահեանը կը հաւատար, որ ամերիկահայութիւնը ձուլումէ փրկելու ամենակարեւոր միջոցը հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ հիմնելն է, որպէսզի հայ պատանիներ ոչ միայն սորվին իրենց մայրենին, այլեւ տէր կանգնին հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան:

Այդ տարիներուն Լոս Անճելըսի մէջ գոյութիւն ունէր «Մեսրոպեան» շաբաթօրեայ  վարժարանը, սակայն Մատթէոս Ֆերահեանին երազն էր հիմնել ամէնօրեա՛յ վարժարան մը: Այդ մէկը պարտաւորութիւն մը դարձած էր, որուն առաջին նախաձեռնողը եղաւ Գաբրիէլ Ինճեճիկեանը:

Մատթէոս Ֆերահեանը կը մահանայ 1955-ին` նախքան իր երազին իրականանալը:

Ֆերահեան ամոլը անզաւակ էր: Իրենց շքեղ բնակարանը կը կտակեն հայ ամէնօրեայ վարժարան մը հիմնելու ֆոնտին` կտակը իրականացնող նշանակելով Արշակ Տիգրանեանը:

«Ապրիլ` սորվելու, սիրելու եւ ծառայելու համար», գրուած է Ֆերահեան ամոլի գերեզմանաքարին վրայ:

Ֆերահեան աչքերը փակեց նախքան իր երազին իրականանալը, սակայն գտնուեցաւ անձ մը, որ տարիներ ետք իրականացուց շատերու կողմէ «անիրականանալի» կարծուած մեծ բարերարին երազը:

Գաբրիէլ Ինճեճիկեան

Քեսապի իր ծննդավայրէն գաղթած` Գաբրիէլ Ինճեճիկեան էր այդ «խենթ»-ին անունը, որ մէկդի ձգելով իր անձնական շահերը, անտեսելով Ամերիկայի մէջ իր «հանգիստ» կեանքը` յանդգնութիւնը ունեցաւ հետապնդելու եւ 50 տարիներու ուշացած հայկական վարժարան մը բանալու ծրագիրը իրականացուց:

«Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»: Այս էր Ինճեճիկեանին նշանաբանը:

Գաբրիէլ Ինճեճիկեանը ծնած է 1930-ին, Քեսապ: Իր հայրը` տոքթ. Աւետիս Ինճեճիկեան, Քեսապի եւ շրջակայ եօթը գիւղերու միակ բժիշկն էր:

Գաբրիէլ բարձրագոյն ուսում ստանալու պատեհութիւնը չունէր Քեսապի մէջ: 15 տարեկանին կը հեռանայ ծննդավայրէն: Քանի մը տարի կ՛ուսանի Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութեան մէջ, որպէսզի ծանօթանայ իրեն անծանօթ անգլերէն լեզուին: Քեսապի մէջ դասաւանդուող լեզուն ֆրանսերէն էր:

Կ՛անցնի Պէյրութ: Կը յաճախէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան (AUB):

1953-ին բարձրագոյն ուսումը շարունակելու միտումով կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ կը յաճախէ Տիթրոյիթի «Ուէյն» համալսարանը, ուր կը հետեւի ընկերաբանութեան, մանկավարժութեան եւ դպրոցական տնօրէնութեան ճիւղերուն եւ կը ստանայ պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի տիտղոսները:

Ուսանողութեան շրջանին, երկու տարի կը դասաւանդէ ամերիկեան պետական վարժարանի մը մէջ, ինչպէս նաեւ` շաբաթը երկու անգամ ՀՕՄ-ի գիշերային վարժարանին մէջ:

Տիթրոյիթի մէջ էր, որ ականատես կը դառնայ ամերիկահայ նոր սերունդի ձուլումի վտանգին:

Անտեղեակ Մատթէոս Ֆերահեանի փափաքին, ինք եւս միեւնոյն մտածումը կ՛ունենայ: Բանալ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ` Ամերիկայի տարածքին, փրկելու համար  ամերիկահայութիւնը ձուլումէ:

Լոս Անճելըս, 2019
(Շար.1)