Ծերակոյտին Մէկ Յանձնախումբը Վաւերացուց Քալիֆորնիա-Հայաստան Առեւտուրի Գրասենեակի Բանաձեւը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մարտ 25-ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի Գործարարութեան եւ Արհեստներու յանձնախումբը միաձայնութեամբ վաւերացուց ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի կողմէ անցեալ ամիս ներկայացուած թիւ 302 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ վերաբանալ Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

«Հայաստան Քալիֆորնիոյ համար առեւտրական կարեւոր գործակից մըն է եւ նահանգին հետ երկարատեւ ու ամուր կապեր հաստատած է։ Թիւ 302 բանաձեւը պիտի պաշտօնականացնէ երկկողմանի առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները», կը յայտնէ Փորթանթինօ։

Բանաձեւին նպատակն է Հայաստան հաստատուելիք գրասենեակը տնտեսապէս բարգաւաճող Արեւմտեան Ասիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածքին մէջ Քալիֆորնիոյ առեւ-տրական ներկայացուցչութեան վերածել, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Հայաստան ներկայիս ճանչցուած է 120 երկիրներու կողմէ, որոնցմէ առաւել քան 70ին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է։ Գրասնեակը նաեւ պիտի նպաստէ կրթական մարզին մէջ յարաբերութեանց սերտացման։

Բանաձեւին ի նպաստ վերոնշեալ յանձնախումբին առջեւ վկայութիւն տուած Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան կը յայտնէ, թէ իր գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն է խթանել Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութեանց սերտացումը՝ աւելցնելով, որ նման գրասենեակ մը բանալու հաւանականութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է Երեւանի, Կլենտէյլի եւ Սաքրամենթոյի մէջ։

Նշենք, որ նահանգային ծերակուտական Ճեք Սքաթի առաջարկով 2005-ին բացուած այդ գրասենեակը փակուած էր 2007-ին, նահանգապետ Արնոլտ Շուարցնեկըրի կողմէ իրականացած ամավարկային կրճատումներուն հետեւանքով:

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի թիւ 302 բանաձեւին համահեղինակն է ծերակուտական Սքաթ Ուիլք։

Յիշեցնենք, որ աշխարհի 5րդ մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող Քալիֆորնիոյ հետ առեւտրական յարաբերութեանց սերտացման նպաստող այս քայլը յառաջ կը մղուի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերով եւ այս նպատակով նահանգային օրէնսդիրներու՝ դէպի Հայաստան այցելութիւն մը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի Գործարարութեան եւ արհեստներու յանձնախումբի վերոյիշեալ քննարկումը դիտելու համար՝ այցելել http://asbarez.com/178536 կայքէջը։