Նուազագոյն Կենսաթոշակը Հայաստանի Մէջ Պիտի Կազմէ 25 Հազար 500 Դրամ

Հայաստան

 ՀՀ ազգային ժողովի առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողովը միաձայն դրական եզրակացութիւն տուաւ «Պետական կենսաթոշակներու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծին: Օրէնքին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ կենսաթոշակի նուազագոյն չափ սահմանել 25 հազար 500 դրամը:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` նախագիծը դրական եզրակացութիւնը պիտի քննարկուի ԱԺ լիագումար նիստին:

«Նախագիծի ներկայացումը ունի մէկ հիմնական նպատակ` իսպառ բացառել ծայրայեղ աղքատութեան վտանգը կենսաթոշակառուներու մէջ: Նախագիծով կ՛առաջարկուի կառավարութեան օրէնքով վերապահել լիազօրութիւն` սահմանել նուազագոյն կենսաթոշակի չափը: Քաղաքացիին վճարուող կենսաթոշակի չափը չի կրնար պակաս ըլլալ այդ չափէն: Թոշակներու հաշուարկման կարգին մէջ հիմնական ցուցանիշները սահմանելու լիազօրութիւնը վերապահուած է կառավարութեան: Իսկ այդ ցուցանիշներն են՝ հիմանական կենսաթոշակի չափը եւ աշխատանքային փորձի կամ զինուորական ծառայութեան մէկ տարուան արժէքները: Այսօր կենսաթոշակային չափի վրայ ազդող հիմնական գործօնները ասոնք են: Կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ, որ գործիք կիրառել կենսաթոշակային ապահովութեան համակարգին մէջ: Եւ այդ գործիքը նուազագոյն կենսաթոշակի չափն է, որմէ ցածր կենսաթոշակ չի կրնար վճարուիլ»,-ներկայացուցած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերի փոխնախարար Սմբատ Սաիեան:

Փոխնախարարը տեղեկացուցած է, որ օրէնքի նախագիծի ընդունման առնչութեամբ ՀՀ պետական ամավարկին մէջ կը նախատեսուի ծախսերու աւելցում: Համապատասխան միջոցները նախատեսուած են այս տարուան պետական ամավարկով: Նախագիծի ընդունումէն ետք ատորդ պիտի տրուի յետադարձ ուժ, այսինքն` պիտի վերահաշուարկուին կենսաթոշակները, եւ Յունուար 1-էն փաստացի կենսաթոշակի եւ նուազագոյն կենսաթոշակի չափի տարբերութիւնը պիտի վճարուի քաղաքացիին:

Սաիեան տեղեկացուցած նաեւ, որ այդ 25 500 դրամին պիտի գումարուի  նաեւ 6400  դրամ, եթէ անձը առաջին խումբի հաշմանդամութիւն ունի եւ 3200 դրամ, եթէ երկրորդ խումբի հաշմանդամութիւն ունի: