«30 Տարի Տեւած Ցեղասպանութիւն». Նոր Գիրք` Թուրքերու Կողմէ Ցեղասպանուածներու Մասին

Աշխարհ, Սփիւռք

Բրիտանացի յայտնի պատմաբան, The Independent-ի թղթակից Ռապըրթ Ֆիսք իր վերջին յօդուածին մէջ անդրադարձած է հրեայ պատմաբան Պենի Մորիսի «30 տարի տեւած Ցեղասպանութիւն» գիրքին` նուիրուած «թուրք ղեկավարներու կողմէ ցեղասպանուած ազգերուն», կը հաղորդէ 5tv.am-ը:

Ըստ հեղինակին` «9 երկար տարիներ պահանջուած են` գիրքը աւարտին հասցնելու համար:

Գիրքին մէջ կը պատմուի Աթաթուրքի` 2,5 միլիոն քրիստոնեաներու սպանդի կազմակերպման անմիջական մասնակցութեան մասին. «Կրօնները իսկապէս կը դրդեն մարդոց ծայրայեղ բռնութիւններու»,- ըսած է հեղինակը:

Գիրքին համահեղիկան է մէկ այլ հրեայ պատմաբան` Տրոր Զէեւին: Գիրքը Ապրիլին պիտի հրատարակէ Հարվըրտի համալսարանը եւ, կ՛ենթադրուի, որ մեծ զայրոյթի պատճառ պիտի ըլլայ թուրքերուն կողմէ: Գիրքին մէջ կը շեշտուի այն կարծիքը, որ 30 տարի տեւած հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները իրականացուած են իսլամէն ոգեշնչուած:

Սակայն Ֆիսք կը պնդէ` «35 տարի Հայերու Ցեղասպանութեան մասին գրելով, ես կը կասկածիմ, որ Ջիհատը եղած է Ցեղասպանութեան հիմքը: Ի հարկէ, Մուֆթիներուն ըսուած էր, թէ իբր կ՛իրականացուի կրօնական «սուրբ» պատերազմ քրիստոնեաներու դէմ: Իրականութիւնը փաստելու համար, սակայն, կարելի է ուղղակի հաշուի առնել այն փաստերը, որ գերմանացի զինուորները կը մարզէին թրքական բանակը, Թուրքիոյ մէջ կ՛աշխատէին գերմանացի դիւանագէտներ ու գործարարներ, որոնք պարբերաբար նամակներ կը գրէին իրենց երկիր ու կը պատմէին իրենց տեսածը: Ինծի ապշեցուց Մորիսի ու Զէեւիի պնդումը` «ծայրայեղ կրօնականութեան» վերաբերեալ»:

Ֆիսք յօդուածին մէջ նաեւ կը մեջբերէ քանի մը հայու, օտար պաշտօնեաներու եւ միսիոներներու վկայութիւններ` ապացուցելով, որ  Թուրքիան պետականօրէն ծրագրած եւ իրագործած է ցեղասպանութիւնը: Յօդուածին վերջը Ֆիսք կը մէջբերէ ամերիկացի միսիոներներէն մէկուն խօսքը. «Թուրքերը հարբած էին արիւնէն, բռնաբարութենէն, դաժան սպանդէն ու իրենք զիրենք ուժեղ զգալէն»:

Միայն թուրքերը չէին սպաններ, քիւրտերը նոյնպէս կը սպանէին հայերը` թուրքերուն համար:

Աթաթուրքը շատ տարուած չէր իսլամով, անոր աւելի շատ կը հետաքրքրէին ծխելն ու կանայք, ու ան նախ` ազգայնամոլ էր, յետոյ միայն` մահմետական: Գերմանացիները կը պաշտէին «թրքացած» պետութիւնը: Երբ Աթաթուրքը մահացաւ` Volkischer Beobachter –ի առաջին էջը սեւ ներկուած էր», եզրափակած է Ֆիսք։