2020-ին 10 Տոկոսով Պիտի Բարձրանան Կենսաթոշակները. Փաշինեան

Յուլիս 10-ին տեղի ունեցած կառավարութեան արտահերթ դռնփակ նիստի ընթացքին հաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2020-2022 թուականներու պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը: Կառավարութեան Յուլիս 11-ի նիստին ՀՀ վարչապետ նիկոլ Փաշինեան մանրամասնեց, որ որոշուած է 2020-ի Յունուար […]

Արցախի Մէջ Ամուսնալուծութիւնները Նուազած են

Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է 96 ամուսնալուծութեան դէպք` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 102-ի փոխարէն: Այս մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է  ԱՀ արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակից Լիանա Միրզոյեան: Անոր խօսքով` […]

Ամենամեծ Կանխամտածուած Սպանութեան Գործողութիւններէն Մէկը 20-րդ Դարուն. Իսրայէլի Դեսպանը` Ցեղասպանութեան Մասին

Հայաստանի մէջ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան էլիաւ Պելոցերքովսքին 1915-ին Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութիւնը կը համարէ 20-րդ դարու պատմութեան ամենամեծ կանխամտածուած սպանութեան գործողութիւններէն մէկը: Այս մասին ան ըսած է Երեւանի մէջ Իսրայէլի անկախութեան 71-րդ տարեդարձի առիթով […]

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատը Ընդունած է Արցախի Մէջ Հրադադարի Ամրապնդման Ուղղուած Ճուտի Չուի Լրացումը

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունած է Արցախի խաղաղութեան համար «Ռոյս-էնկել» առաջարկին մէջ Ճուտի Չուի ներկայացուցած լրացումը` ուղղուած հրադադարի ամրապնդման: Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի կայքը: Ճուտի […]

Ստեփանակերտը Կը Պատրաստուի Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերուն

Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ կ՛ընթանան Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական փորձերը: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան ըսած է, որ փորձերը պիտի […]

Ֆետերիքա Մոկերինին Անտրէա Վիքթորինին Առաջադրած է Որպէս Հայաստանի մէջ ԵՄ Նոր Դեսպան

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ ֆետերիքա Մոկերինին Անտրէա Վիքթորինին առաջադրած է որպէս Հայաստանի մէջ Եւրոմիանութեան նոր դեսպան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ […]

Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնին Մէջ՝ Ռոպերթ Աբաջեանի Անուան Լսարան

Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին մէջ, Յուլիս 5-ին, տեղի ունեցաւ գրադարանի, ինչպէս նաեւ ապրիլեան պատերազմի մասնակցած, Արցախի հերոս Ռոպերթ Աբաջեանի անունը կրող լսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ռոպերթ Աբաջեանի մեծ հօր՝ Գէորգ […]

«Հպարտ Եմ, Որ «Եուրօ-2019»ի Պաշտօնական Դեսպանն Եմ». Մխիթարեան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան Յուլիս 14-27-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլիստներու ազգային հաւաքականներու ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքին պաշտօնական դեսպանն […]

Հողին Յանձնեցինք Մեր Հաւատաւոր Ընկերը…

Յուլիս 9-ին, Մայր հայրենիքի մէջ, հողին յանձնեցինք մեր հաւատաւոր ընկերոջ, երկար տարիներու ազգային գործիչ Կարպիս Մարգէեանի անշնչացած մարմինը, հող որուն ազատագրութեան ու պաշտպանութեան համար հիմնուած կուսակցութեան գաղափարներուն հաւատաւորն ու նուիրեալն […]

Թուրքիոյ Խումբ Մը Քաղաքացիներ Խորհրդարանէն Կը Պահանջեն Հակազդել Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւերու Ընդունման

Թուրքիոյ խումբ մը քաղաքացիներ դիմում ներկայացուցած են խորհրդարան եւ պահանջած պատասխան տալ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւերու ընդունման։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Milliyet-ը։ Խորհրդարանէն պահանջուած է «գործի […]