Ազգային Գրադարանին Մէջ Ցուցադրուեցան Լեւոն Շանթի Երկերուն Ամէնէն Հին Ու Ամէնէն Նոր Հրատարակութիւնները

Հայաստան

Գրող, մանկավարժ, պետական եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Շանթի  150-ամեակին առիթով Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ ներկայացուեցան հեղինակին երկերու ժողովածուները, թարգմանութիւնները եւ անոր նուիրուած աշխատութիւններ:

Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Յուլիս 15-ին՝ գրադարանին պետական կարգավիճակ ստանալուն 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ:

«Շանթ ծնած է Թումանեանի հետ, ապրած Իսահակեանի չափ»,- ըսաւ գրականագէտ, գրաքննադատ Արքմենիկ Նիկողոսեան՝ նկատել տալով, որ կենսագրական այս զուգահեռները պատահական համընկնումներ չեն.  Շանթին կեանքն ու ստեղծագործութիւնը սերտ աղերսներ ունին երկու հայ մեծերուն հետ:

«Կարեւոր ցուցադրութիւն է: Կը կարծեմ՝  նման նախաձեռնութիւնները շարունակական պիտի ըլլան Ազգային գրադարանին մէջ: Եթէ նոյնիսկ մէկը  ինչ-որ նոր բան քաղէ  ցուցադրութիւններէն, կրնանք  ըսել յաջողած համարել զանոնք»,-  ըսաւ Նիկողոսեան՝ աւելցնելով, որ իրեն համար, օրինակ, բացայայտում էր, որ Շանթը թարգմանած է Վոյնիչի «Բոռը»:

Գրականագէտը Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին կողմէ գրադարանին նուիրեց Լեւոն Շանթի երկերու ժողովածուին վերջին 5 հատորները եւ ընդգծեց, որ Հայաստանի ազգային գրադարանը գիրքերու ամէնէն յուսատու պահեստանոցն է:

Ցուցահանդէսին ներկայ էր նաեւ քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր Լեւոն Շիրինեան: Ան անդրադարձաւ Լեւոն Շանթ քաղաքական գործիչին գործունէութեան՝ նշելով, որ ցուցադրութիւնը լաւ առիթ է  Շանթի դերը անգամ մը եւս արժեւորելու եւ անոր գրական ու քաղաքական գործունէութիւնը  երիտասարդներուն ծանօթացնելու:

Այնուհետեւ գրադարանի շարժապատկերի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Լեւոն Շանթի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ժապաւէն մը։