Բժշկական Եւ Առողջապահական Պարագաներ՝ Հալէպի Հայ Ծերանոցին Եւ Զինուորական Հիւանդանոցին

Հայաստան, Սփիւռք

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ Յուլիս 13-15-ին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբին կողմէ Հալէպի Հայ ծերանոցին եւ զինուորական հիւանդանոցին փոխանցուած են բժշկական եւ առողջապահական պարագաներ:

Թէ՛ Հայ ծերանոցին տնօրէնութիւնը, եւ թէ սուրիական զինուորական հիւանդանոցին ղեկավարութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած են հայ բժիշկներուն՝ անհատոյց կերպով տրամադրուած բժշկական պարագաներուն եւ դեղորայքին, ինչպէս նաեւ Հայ ծերանոցին մէջ, «Դարմանատուն» ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ շարք մը բժշկական այլ հաստատութիւններու մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար:

Զինուորական հիւանդանոցի պետ, զօր. Ֆայէզ Ալ Այուպին իր երախտագիտութիւնը յայտնած է հայ բժիշկներուն՝ պատերազմի արհաւիրքներուն իբրեւ հետեւանք տուժած սուրիացիներուն օգնութիւն ցուցաբերելնուն համար։

Հիւանդանոցին պետը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն, մասնաւորաբար առողջապահական կառոյցներուն՝ առաջին իսկ օրերէն ցուցաբերուած օգնութեան եւ աջակցութեան համար։