Բակօ Սահակեան Ընդունեց Պուլկարացի Երեսփոխաններ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 օգոստոսին ընդունեց Պուլկարիոյ խորհրդարանի խումբ մը երեսփոխաններ: Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը: Քննարկուեցան Պուլկարիա-Արցախ խորհրդարանական եւ մարդասիրական կապերու զարգացման […]

Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Հայրենի Հողը Կանչում Է Մեզ» Խորագիրով Ասմունքի Փառատօնը

29 Յուլիս-2 Օգոստոս, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ասմունքի համահայկական 8-րդ փառատօնը, որուն մասնակցեցան 9-18 տարեկան 130 պատանիներ Արցախէն, Հայաստանէն, Ջաւախքէն, Ռուսիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Այս մասին կը հաղորդէ […]

Շահումեանի Եւ Քաշաթաղի Մէջ 27 Բնակարան Եւ Դպրոց Պիտի Կառուցուի

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան 7 օգոստոսին ընդունած է «Արցախ Ռութց ինվեսթմենթ – (ԱՌԻ) ընկերութեան վարչական խորհուրդի անդամներ Ստեփան Տէր Պետրոսեանն ու Վաչէ Մելքոնեանը: Քննարկուած են Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ […]

Արցախի Մէջ Մանսուրեանական Օրեր Պիտի Կազմակերպուին

Այս տարի լրացած է հայ երաժշտահան, ՀԽՍՀ ժողովրդական արտիստ, ՀԽՍՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակը: Մայթրոյի յոբելեանին կապակցութեամբ՝ Սեպտեմբեր 1-13՝ պիտի կազմակերպուին մանսուրեանական օրեր: Համերգաշարը պիտի սկսի Արցախի մէջ […]

Մեր Վերջնական Նպատակը Հայաստանի Եւ Արցախի Միաւորումն Է. Իշխան Սաղաթէլեան

«Այն, որ Արցախը Հայաստան է եւ վերջ, ատիկա յայտնի է: Եւ մենք այդտեղ վերապահում չունինք: Այո, Արցախը Հայաստան է եւ վերջ: Մենք կը կիսենք այդ տեսակէտը»: Այս մասին «Հրապարակ»-ի հետ […]

Ներկայացուցիչներու Տան 89 Անդամներ Կը Միանան Արցախի Նպաստը Կասեցնելու Թրամփի Վարչակազմի Որոշումը Փոխելու Ջանքին

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը արագ եւ ազդեցիկ յանդիմանութեամբ մը հակազդեց Արցախի ականազերծման նպատակին տրամադրուող աջակցութիւնը կասեցնելու Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի ջանքին, երբ 89 քոնկրեսականներ […]

«Արցախը Մեր Բոլորին Կիզակէտն Է». Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն առիթով եւ Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում ունենալու նպատակով Արցախ գտնուղ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զրուցած է «Ապառաժ»-ի (Aparaj.am) հետ եւ ողջունած այն հանգամանքը, […]

Համահայկական 7-րդ Խաղերու Բացման Արարողութիւնը Կը Յաւակնի Դառնալ Լաւագոյնը

Համահայկական ամառնային խաղերու կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան վստահ է, որ 7-րդ խաղերը պիտի ըլլան լաւագոյններէն, իսկ բացման արարողութիւնը, Զաքարեանի կարծիքով, կը յաւակնի դառնալ խաղերու 20-ամեայ պատմութեան ընթացքին լաւագոյնը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին […]

Բիւրականեան Բանակումը Համախմբած էր 200 Սկաուտ

ՀՄԸՄ-ի աւանդական դարձած բիւրականեան բանակումը այս անգամ ալ մէկ շաբաթով համախմբած էր 200 սկաուտ: Ըստ Yerkirmedia.am-ի՝ ազգային երգ ու պար, նաեւ զինուորական կարգապահութիւն․ սկաուտներու առօրեայի անբաժան մասն են: Հաւաքի մասնակիցները կ՝ընդգծեն՝ […]