Հայ Դատը Հայաստանի Մէջ Գիտութեանց Դասաւանդման Նպատակով 140 Միլիոն Տոլարի Աջակցութեան Կոչը Կը Կրկնէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը անգամ մը եւս նամակով մը դիմած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին, Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, արուեստներու եւ ուսողութեան (STEAM) դասաւանդումներու զարգացման նպատակներուն համար «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» հիմնարկէն 140 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն ապահովելու համար։

Իր նամակին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան կը շեշտէ, թէ նախարարը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Համաշխարհային դրամատան վերջին այն գնահատականը, թէ Հայաստան «վերին միջին դասակարգի եկամուտ» ունեցող երկիր մըն է՝ աւելցնելով, որ այդ եզրակացութիւնը վիճելի է, նկատի ունենալով Երեւանէն դուրս շրջաններուն մէջ տիրող չքաւորութիւնը։

Նշենք, որ Համաշխարհային դրամատան այդ եզրակացութեան իբրեւ հետեւանք՝ Հայաստան կրնայ զրկուիլ «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» հիմնարկի օժանդակութիւններէն։

Յիշեցնենք, որ Մայիս 2018ին, Փոմփէօ նամակով մը պատասխանած էր Հայ Դատին կողմէ կատարուած այն կոչին, որ Փոմփէօ արագացնէ «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցաւ Հայաստանին 140 միլիոն տոլարի կրթական աջակցութիւն տրամադրելու որոշումին քննարկումը, նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ իրականացած իշխանութեան աննախընթաց, խաղաղ եւ սահմանադրական փոխանցումը:

Համբարեանին հասցէագրուած նամակին մէջ Փոմփէօ խոստացած էր քննարկել այս առաջարկը, նոյն ժամանակ «խանդավառութիւն» յայտնելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ եւ սահմանադրական իշխանափոխութեան առթիւ՝ աւելցնելով. «Կ՛ողջունենք Հայաստանի մէջ «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» ծրագիրին միջոցով STEAM կրթական ծրագիրներուն զարկ տալու ձեր գաղափարը»։

Նշենք, որ Փոմփէօ, ի պաշտօնէ, նաեւ «Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» հիմնարկին վարչութեան ատենապետը կը հանդիսանայ:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած այս արշաւին նպատակն է՝ քաջալերել Հայաստանը Կովկասի Սիլիքոն հովիտը դարձնելու ջանքերուն, զգալիօրէն նպաստելով Հայաստանի տնտեսութեան եւ երկրին մէջ աշխատանքի կարելիութեանց աճին:

«Հազարամեակի Մարտահրաւէրներ» հիմնարկը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններուն կողմէ 2004ին հաստատուած եւ անկախաբար գործող մարմին մըն է, որուն նպատակն է համակարգել երկրին տրամադրելիք արտաքին օժանդակութիւնները: Անիկա ցարդ առաւել քան 10 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է, ի միջի այլոց նաեւ՝ Հայաստանին, որ 2006ին ստացած էր գիւղական շրջաններու զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով յատկացում մը: Այս աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի ամերիկեան վարչակազմի անդամներուն եւ այլ քոնկրեսականներու հետ, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ ամերիկեան համալսարաններու հետ, որոնք կրնան դեր ունենալ ծրագիրի իրականացման գծով:

Փոմփէոյի յղուած նոր նամակը կարդալու համար՝ այցելել http://asbarez.com/184159կայքէջը։