Շէյքսփիրի Անուան Հայկական Ընկերակցութեան Գ. Համագումարը Տեղի Ունեցաւ Վենետիկի Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Շէյքսփիրի անուան հայկական ընկերակցութեան երրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ` Մխիթարեան միաբանութեան համար պապական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ:

Հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Յուլիս 15-ին, մասնակցեցան ընկերակցութեան պատուոյ նախագահ, հայրենի բանաստեղծ եւ բանասէր Հենրիկ Էդոյեան եւ հիմնադիր Յասմիկ Սայմըր, ինչպէս նաեւ` Միացեալ Նահանգներէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Լեհաստանէն, Արժանթինէն եւ ուրիշ երկիրներէ եկած մասնագէտներ, որոնք իրենց զեկուցումները կարդացին յայտնի անգլիացի թատերագիրին կապուած հարցերու շուրջ, ինչպէս` «Շէյքսփիր եւ օտարները», «Շէյքսփիրի թարգմանութիւններ», «Շէյքսփիրի եւ Վենետիկի առասպելը» եւ այլ նիւթեր:

Բացման խօսքը արտասանեց Սերոբ վրդ. Չամուրլեանը, որ անդրադարձաւ Մխիթարեան միաբանութեան շէյքսփիրեան  թարգմանութիւններու աւանդութեան, ապա լրագրող Աւետիս Հաճեանը հակիրճ կերպով ներկայացուց Վենետիկի հայ գաղութի պատմութիւնը:

Այս տարուան համագումարը նուիրուած էր Վահրամ Փափազեանի մահուան 130-ամեակին: Փափազեան համարուած էր Խորհրդային Միութեան լաւագոյն շէյքսփիրեան դերասանը, մասնաւորաբար յայտնի` իր Օթելլոյի դերակատարութեամբ, ան նաեւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի սան եղած է: