Ուխտագնացութիւն Դէպի Մուսա Լեռ

Էրկիր, Սփիւռք

Ըստ աւանդութեան՝ այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Մուսա լերան Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը եւ աւանդական «Հարիսա Զատիկը»։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան, զոր օդակայանին մէջ դիմաւորելու եկած էին Անտիոքի շրջանի հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թապաշեան, Աղեկսանտրիկի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ծխային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուր եւ Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ծխային խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափար։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը։

17 Օգոստոսի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ գիւղ հասան նաեւ ուխտաւորներ։ Երեկոյեան կատարուեցաւ կանոնական Երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա տեղի ունեցաւ Աղօրհնէք՝ նախագահութեամբ Սահակ եպս. Մաշալեանի։ Իսկ երեկոյեան տեղի ունեցան Մուսա լերան աւանդական խրախճանքները՝ պատմական Անթէպեան ա-պարանքի բակին մէջ։ Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին գիւղին եւ շրջակայ այլ գիւղերու բնակիչներ, զանազան քաղաքներէ ու արտասահմանէն ժամանած ուխտաւորներ։ Ձեռնարկին մասնակցեցան եւ ներկաները իրենց երգերով ոգեւորեցին անուանի արուեստագէտներ՝ Մարթին Եորկանց ու Պարթեւ Կարեան։ Գիշերուան ժամը 11։30ին պատրիարքական տեղապահը վառեց հարիսայի եօթը կաթսաներուն կրակները։

Կիրակի օրը տեղի ունեցան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տաղաւարի տօնակատարութիւնները հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, որ Վագըֆգիւղ փութացած էր այս առթիւ։ Պատարագիչն էր Աւետիս քհնյ. Թապաշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Պատարագին հանդիսապետեց Սահակ եպս. Մաշալեան, որ յաւարտ Ս. պատարագի շեշտեց, թէ ուրախութիւն կը զգայ աւանդական սոյն տօնակատարութեանց համար եւ ըսաւ, թէ Վերափոխման տօնը «կ՛ամրապնդէ մեր յարութեան յոյսը եւ խաղողը կը յիշեցնէ բարեաց Տուիչը»։

Յաւարտ Ս. պատարագի, եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքը։ Ապա հարիսայի կաթսաները օրհնուեցան մատաղի յատուկ աղօթնքերով եւ բաժնուեցան ներկայ հաւատացեալներուն։ Այնուհետեւ, հանդիսադիր սրբազան հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասան հանդիսաւոր եւ պատմական արարողութիւնները, ուխտաւորներուն պատճառելով ոգեւոր պահեր ու հոգեկան անհուն գոհունակութիւն։ Ուխտաւորներ տակաւ առ տակաւ հրաժեշտ առին գիւղէն ու սկսան մեկնելու, յաջորդ տարի դարձեալ մէկտեղուելու յոյսով։