Քենզըս Նահանգի Ազգային Ջոկատը Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Հայաստան Կ՛այցելէ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Մարդու իրաւունքներու եւ բարեվարքութան կեդրոնի պետ, գնդապետ Ալեքսանդր Աւետիսեան ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Քենզըս նահանգի ազգային ջոկատը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Հանդիպումին ընթացքին Աւետիսեան կարեւոր նկատեց Մարդու իրաւունքներու եւ բարեվարքութան կեդրոնին եւ Քենզըս նահանգի ազգային ջոկատին միջեւ համագործակցութեան շարունակականութեան ապահովումը, որուն ծիրին մէջ կազմակերպուած են վերապատրաստման դասընթացներ: Կողմերը ընդգծեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ համագործակցութեան ընդլայնման, փորձառութեան փոխանակման նպատակով այցելութիւններու եւ վերապատրաստման դասընթացներու յաւելման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման աւարտին պատուիրակութեան անդամները շրջագայեցան Մարդու իրաւունքներու եւ բարեվարքութեան կեդրոնին մէջ, ծանօթացան «Թէժ գիծ»ի աշխատանքին եւ քննարկեցին աշխատանքներու կազմակերպումը։