Պիտի Զրկուինք Աստուծոյ Օրհնութենէն․ Պարգեւ Սրբազանը Սթամպուլեան Համաձայնագրի Մասին

Հայաստան

«Երբ մարդ բան մը կ՝ընդունի, պէտք է շատ յստակ գիտակցի ատիկա իրեն օգտակա՞ր է, թէ՞ վնասակար։ Ատոր համար ամէն ինչին պէտք է շատ զգոյշ մօտենալ․ խոր կերպով վերլուծել, ապա որոշում կայացնել։ Մեզի կրնան շատ բան հրամցնել, փաթթել։ Մենք կրնանք տողատակերը չտեսնել, իսկ վաղը ատոնք կրնան դառնալ չպայթած ականներ։ Շատ զգոյշ պէտք է մօտենալ։

Իմ կարծիքով, եթէ ազգը կը կամենայ մարտահրաւէրներուն դիմակայել, պէտք է ազգային աւանդական արժէքները շատ ամուր պահէ, այլապէս ամբողջական ազատականութիւնը ամէն ինչ պիտի ոչնչացնէ։ Մենք պիտի դառնանք աշխարհաքաղաքացի։ Պիտի այնպէս ըլլայ, որ 2000 տարի եւ աւելի մենք իզուր տեղը արիւն թափած ենք եւ մեր ինքնութիւնը պահպանած։

Ցանկացած հաւատքի, կրօնի տեսանկիւնէն՝ այլասերութիւնը պէտք է դատապարտուի։ Եթէ մենք մեզ կը համարենք ազգային պետականութիւն, քրիստոնեայ երկիր՝ պէտք է շատ խոհեմ ըլլանք, այլապէս պիտի զրկուինք Աստուծոյ օրհնութենէն՝ դառնալով օտարներու աւարը»,- ըստ henaran.am-ի՝ Սթամպուլեան համաձայնագրի ընդունման վտանգին անդրադարձած է Պարգեւ Սրբազանը։