Ամերիկայի Կողմէ Արցախին Տրուող Նպաստին Դադրեցումը Սխալ Ազդանշան Է Ալիեւի Վարչակազմին. Հայ Դատ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի ականազերծման համար տրամադրուող ամերիկեան աջակցութեան դադրեցման եւ Սուրիա մարդասիրական առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստանի որոշումին միջեւ կապին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեանց պատասխանատու Էլիզապէթ Ջուլճեան ըսաւ, որ եթէ Թրամփի վարչակազմին որոշումը որեւէ կերպով պայմանաւորուած է Հայաստանի կողմէ խիստ անհրաժեշտ բժշկական օգնութեան ցուցաբերումով եւ չպայթած զինամթերքը հեռացնելու ջանքերով, ապա այդ մասին պէտք է բարձրաձայն յայտնեն։ Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։

Ան աւելցուց, որ 1998էն ի վեր, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը առաջամարտիկի դերին մէջ է Արցախին ամերիկեան օգնութիւն ապահովելու գործին մէջ, նոյն ժամանակ լուսարձակի տակ պահելով Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող շրջափակումը եւ այդ երկրի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի կողմէ զինադադարի խախտումները՝ աւելցնելով. «Ամերիկայի կողմէ նիւթական աջակցութեան դադրեցումը հիմա, երբ այսքան մօտ ենք Արցախի ամբողջական ականազերծման հասնելուն, սխալ ազդանշան մը պիտի ըլլայ Ալիեւի վարչակազմին, որ կը շարունակէ մերժել տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղուած ողջամիտ առաջարկները, ներառեալ՝ արձակազէններու հեռացումը, ԵԱՀԿի յաւելեալ դիտորդներու ներկայութիւնը եւ կրակոցներու յայտնաբերման համակարգերու տեղակայումը»:

Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան 89 եւ Ծերակոյտի 22 անդամներ, ներառեալ նախագահի պաշտօնին թեկնածուներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են աջակցութիւնը շարունակելու ջանքերուն։

Պատասխանելով Ատրպէյճանի տրամադրուող ամերիկեան աջակցութեան աճին պատճառներուն մասին հարցումին՝ Ջուլճեան ըսաւ, որ Պաքու այդ նպատակին հասնելու համար սկսած է շահագործելու Իրանի հետ ամերիկեան հակամարտութիւնը։