Իրաքի Էրպիլ Քաղաքին Մէջ Հայաստանի Հիւպատոսութիւն Բանալու Աշխատանքները Ընթացքի Մէջ Են

 Իրաքեան ինքնավար Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու աշխատանքները ընթացքի մէջ են:  «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ Աննա […]

Գիւմրին Պիտի Կ՛աջակցի Լիբանանահայերուն

Գիւմրին 1 միլիոն դրամ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին պատճառով տուժած Լիբանանի հայ համայնքին։ Սոյն որոշումը տուաւ քաղաքի աւագանին: Գումարը պիտի տրամադրուի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին՝ իբրեւ նուիրատուութիւն, որ […]

Հայաստան Հիմնադրամը Շուրջ 70 Հազար Տոլարի Աջակցութիւն Տրամադրած է Սուրիահայերուն

 Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան յանձնեց շուրջ 70,000 տոլար, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայրենակիցներուն` «Քորոնա» ժահրին պատճառով անոնց ունեցած ծանր առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը […]

Նախագահ Սարգսեան Համաշխարհային Վեհաժողովին Յիշեցուց «Քորոնա»-ի Օրերուն Ազրպէյճանի Սադրիչ Գործողութիւնները

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Արտադրութեան եւ արդիւնաբերութեան համաշխարհային վեհաժողովին` խօսելով «Քորոնա» ժահրին, աշխարհին մէջ տիրող անորոշութիւններուն, փոխուող աշխարհին մասին, անգամ մը եւս յիշեցուց, որ այն փուլին, երբ թէ՛ Հայաստան, թէ՛ […]

Հայկական Գինիի Փառատօն` Մոսկուայի Մէջ

Մոսկուայի մէջ` Ժողովրդական տնտեսութեան ձեռքբերումներու ցուցասրահ-համալիրի (Վդնխ) «Հայաստանի տաղաւար»-ին մէջ Սեպտեմբեր 20-ին տեղի պիտի ունենայ հայակական գինիի փառատօն: Ինչպէս կը յայտնեն Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութենէն, փառատօնի ծիրէն ներս տեղի պիտի […]

Արցախի Նախագահը Առաջարկած է Արթուր Մկրտչեանին Յետմահու Շնորհել Արցախի Հերոսի Կոչում

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանին յետմահու շնորհել Արցախի հերոսի բարձրագոյն կոչում: Այս մասին նախագահը գրած է Facebook-ի իր պաշտօնական […]

Հայաստան Միացաւ Կրօնական Ազատութեան Միջազգային Դաշինքին` «Քորոնա» Ժահրին Վերաբերեալ Յայտարարութեան

Հայաստան միացաւ Կրօնական ազատութեան միջազգային դաշինքի` «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ յայտարարութեան: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն։ «Ճգնաժամը, որուն բախած է միջազգային հանրութիւնը, այլեւս կը […]

Արցախը Ընդունած Է Լիբանանէն Ժամանած Առաջին Երկու Հայրենադարձ Ընտանիքները

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Օգոստոս 25-ին, հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ նուիրուած լիբանանահայութեան ցուցաբերուող աջակցութեան ծրագրերուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը տեղեկացնեն  ԱՀ Նախագահի մամուլի ծառայութենէն։ Զեկուցումով հանդէս եկած է Լիբանանի […]

Հայաստանի 7 Ամենատեսարժան Վայրերը՝ Ըստ Լաթվիական Լրատուամիջոցի

Լաթվիական Neatkariga լրատուամիջոցը ներկայացուցած է Հայաստանի լաւագոյն 7 տեսարժան վայրերը, որոնք կը հետաքրքրեն զբօսաշրջիկները: Լրատուամիջոցը ցանկը կազմած է Լաթվիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանի հետ հարցազրոյցի մը միջոցով: Առաջին տեղը […]

ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Բժշկական Խումբը Հալէպի ԲԿ-ներուն Փոխանցած է Շուրջ 2 Թոն Բժշկական Պարագայ

Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը 2020 Օգոստոս 24-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է աւելի քան 2 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագայ: Այս մասին կը […]