ԱՀ եւ ՀՀ ԱԳՆ-ները Համակարգուած Կ՝աշխատին Միջազգային Կառոյցներու Հետ՝ Պաքուի Յարձակումը Կասեցնելու Համար

Աշխարհ, Հայաստան

Երկու հայկական պետութիւններու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնները համակարգուած աշխատանք կը տանին համապատասխան միջազգային կառոյցներու հետ՝ ազրպէյճանական յարձակումը կասեցնելու նպատակով։ Այս մասին նշուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

«2020 թ. Սեպտեմբեր 27-ին, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը լայնամածաւալ յարձակում ձեռնարկած են Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ՝ սահմանագիծի ողջ երկայնքով։ Ազրպէյճանական բանակի ռազմական յարձակումը ուղեկցուած է հրետանակոծութիւններով եւ օդային հարուածներով, ներառեալ՝ քաղաքացիական տարածքներու եւ խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ։ Մասնաւորապէս՝ հրետակոծուած են ինչպէս Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, այնպէս ալ սահմանամերձ բնակավայրերը։ Գնդակոծութիւններուն իբրեւ արդիւնք զոհեր կան խաղաղ բնակչութեան մէջ։

Ազրպէյճանական կողմի գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան դէմ ուղղուած յարձակման ակտ են։ Արցախի Հանրապետութիւնը ՄԱԿ կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն՝  կ՝իրականացնէ իր  ինքնապաշտպանութեան անկապտելի իրաւունքը եւ կը ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւնները՝ յարձակումը ետ մղելու եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն վերականգնելու համար։

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւնը ուղիղ կապի մէջ է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչին հետ: ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները նոյնպէս իրազեկուած են Ազրպէյճանի կողմէն զինուած յարձակման մասին: Երկու հայկական պետութիւններու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնները համակարգուած աշխատանք կը տանին համապատասխան միջազգային կառոյցներու հետ՝ ազրպէյճանական յարձակումը կասեցնելու նպատակով։

Զինուած յարձակման նախորդած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական կողմերուն եւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի հրապարակային թիրախաւորումը, Արցախի Հանրապետութեան դէմ ուժի կիրառման բացայայտ սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ Հոկտեմբեր 1-ին նախատեսուած ԵԱՀԿ դիտարկման իրականացման մերժումը: Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը ամբողջական պատասխանատւութիւն կը կրէ յարձակման յանցագործութեան համար՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն համաձայն:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ Ազրպէյճանի նմանատիպ քաղաքականութիւնը ուղղակի սպառնալիք է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան:  Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի հերթական յարձակումը ոչ մէկ կասկած կը ձգէ, որ հակամարտութիւնը ուժի միջոցով լուծելու Ազրպէյճանի փորձերուն միջազգային հանրութեան կողմէն ամենաարդիւնաւէտ պատասխանը Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումն է»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: