Հայաստանի Մէջ Ընդհանուր Զօրահաւաք Յայտարարուեցաւ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք։ Այս մասին
Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Սիրելի հայրենակիցներ.

Հիմա կառավարութեան որոշումով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք: Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն:

Զօրքերուն կցագրուած անձնակազմերուն կոչ կ՝ընեմ ներկայանալու իրենց տարածքային զինուորական կեդրոններ:

Յանուն հայրենիքի, յանուն յաղթանակի: