ՀՀ ՄԻՊ-ը Միջազգային Հանրութեան Կոչ Ըրած է Կանխելու ԼՂ Քաղաքացիական Բնակչութեան Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարութիւն տարածած է Արցախի քաղաքացիական բնակավայրերը Ազրպէյճանի կողմէ ռազմաօդային եւ հրետանային հրետակոծութեան վերաբերեալ՝  միջազգային հանրութեան կոչ ընելով ուղղելու բոլոր ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան խաղաղութեան եւ անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս ռազմական յարձակման եւ բռնութեան կանխման։

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Վաղ առաւօտէն սահմանագիծի ողջ երկայնքով Ազրպէյճանը նախաձեռնած է անկանոն ռազմաօդային եւ հրետանային յարձակումներ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) դէմ: Բազմաթիւ քաղաքացիներ արձանագրած են, որ գիւղերը, քաղաքները եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը կը հրետակոծուին: Այս ծայրայեղ մտահոգիչ լուրերը պաշտօնապէս հաստատուած են նաեւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի կողմէն:

Մեծածաւալ խախտումներ եւ վնասներ պատճառուած են քաղաքացիական բնակչութեան: Հայ երեխաներու, կանանց եւ Լեռնային Ղարաբաղի ողջ բնակչութեան կեանքն ու առողջութիւնը իրական վտանգի տակ են:

Կոչ կ՝ընենք միջազգային հանրութեան եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւններուն քայլեր ձեռնարկելու եւ ուղղելու իրենց բոլոր ջանքերը կանխելու Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիական բնակչութեան խաղաղութեան եւ անվտանգութեան դէմ ուղղուած այս ռազմական յարձակումն ու բռնութիւնը»: