Արցախի Նախագահը Ռազմական Դրութիւն եւ Համատարած Զօրահաւաք Յայտարարած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի խորհրդարանի արտահերթ նիստին ընթացքին հանդէս եկած է յատուկ ուղերձով, որուն ընթացքին յայտարարած է ռազմական դրութիւն եւ համատարած զօրահաւաք տասնութէն բարձր տարիքային խումբի համար: Արայիկ Յարութիւնեան այս մասին գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ:

«Մեկնելով ստեղծուած իրավիճակէն՝ հրաւիրուած է Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ: Հանդէս գալով պատգամաւորներուն առջեւ՝ յայտարարած եմ ռազմական դրութիւն եւ համատարած զօրահաւաք տասնութէն բարձր տարիքային խումբի համար:

Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ պատերազմի կողմնակից չենք, բայց պատրաստ ենք պատերազմի:

Մեզմէ աւելի շատ խաղաղութիւն սիրող ու խաղաղութեան կողմնակից չկայ:

Մենք չենք ուզած պատերազմ, այս պատերազմը մեզի պարտադրուած է, եւ պարտաւոր ենք պաշտպանելու մեր հայրենիքն ու ընտանիքները:

Իրավիճակի սրման համար ամբողջ պատասխանատւութիւնը պիտի կրէ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական իշխանութիւնը:

Տարածաշրջանին մէջ յղի մարդկային աղետին համար պատասխան պիտի տայ անձամբ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւը»,- գրած է Յարութիւնեան: