Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Կոչ Ըրած է Դադրելու Կրակի Վրայ Պենզին Լեցնող Երկիր Ըլլալէ

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ կոչ ըրած է դադրելու կրակին վրայ պենզին լեցնող երկիր ըլլալէ: Այս մասին Փայլանը գրած է Facebook-ի իր էջին վրայ՝ անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ուղղութեամբ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն:

«Ղարաբաղի մէջ կ՝ընթանան լայնածաւալ բախումներ հայ-ազրպէյճանական զօրքերուն միջեւ: Մեր երկիրը (թղթ. Թուրքիան) պէտք է դադրի կրակին վրայ պենզին լեցնող երկիր ըլլալէ: Այս պատերազմին մէջ չկայ յաղթող: Մեր վրայ վերցնենք կրակի դադրեցման պատասխանատւութիւնը»,- գրած է Փայլան: