Եղէք Ամուր, Զօրեղ, Խոհեմ ու Խիզախ. Պարգեւ Սրբազանը Հայ Ժողովուրդին Միասնութեան Կոչ Ըրած է

Հայաստան

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տէր Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը միասնութեան կոչ ըրած է: Այս մասին Facebbok-ի իր էջին վրայ գրած է Պարգեւ Սրբազանը:

«Կը դիմեմ հայ ժողովուրդին, սիրելի հայրենակիցներ, կոչ կ՝ընեմ ըլլալու միասնական, ամուր, անկոտրուն։ Այս անգամ եւս ապացուցենք , որ մեր միասնականութիւնը անպարտելի ուժ է: Կը դիմեմ Արցախի ժողովուրդին: Սիրելի արցախցիներ, սիրելի զաւակներ իմ, եղէք ամուր, զօրեղ, խոհեմ ու խիզախ։ Ձեր ոգին ամրացուցէք եւ հզօրացուցէք անկոտրուն ուժով եւ միասնակամութեամբ։

Կոչ կ՝ընեմ աղօթելու մեր երկրի անվտանգութեան, յաղթանակի եւ ապահովութեան համար։

Կը դիմեմ մեր բոլոր հաւատացեալ զաւակներուն,

Ստեղծելու աղօթքի միահամուռ շղթայ եւ երկու ժամը մէկ աղօթքել եւ զօրավիգ ըլլալ մեր բանակին:

Աստուած մեզի պահապան, զօրավիգ եւ օգնական»,- գրած է Պարգեւ Սրբազանը: