Category: Հայաստան
Վաղը Կապանի եւ 13 Գիւղերու Բարձունքները Ազրպէյճանին Պիտի Յանձնուին․ Կապանի Քաղաքապետ
Այսօր առաւօտեան ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն հրահանգուած է Կապանի ներկայ պաշտպանական դիրքերը Ազրպէյճանին յանձնելու մասին։ Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեան Hetq-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, որ վաղը մինչեւ ժամը 17։00 պէտք […]
6500 Տոլարի Աջակցութիւն Արցախէն Տեղահանուածներուն
Վեն Նայսի Ս․ Պետրոս եկեղեցւոյ Երիտասարդականին նախաձեռնութեամբ կարելի եղած է 6500 տոլար հաւաքել՝ աջակցելու համար թրքական եւ ատրպէյճանական յարձակումներուն հետեւանաքով Արցախէն տեղահանուած հայորդիներուն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։ Երիտասարդականին […]
Վերաբացուեցան Արցախի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մանկապարտէզները
Արցախի պատերազմին հետեւանքով մօտաւորապէս երեք ամիս ընդհատումէ ետք, Դեկտեմբեր 14-ին Հայ Օգնութեան Միութեան Ստեփանակերտի, Խնձրիստանի եւ Ակնաբերդի «Սօսէ» մանկապարտէզներու դասաւանդութիւնը վերսկսաւ։ Ընդհանուր 77 աշակերտներ վերադարձան իրենց սիրելի դպրոցը, ուր միացան […]
Ղազանչեցոցի Ռմբակծումը Պատերազմական Ոճիր Կրնայ Համարուիլ. Human Rights Watch
Մարդկային իրաւանց պաշտպան Human Rights Watch միջազգային կազմակերպութիւնը 16 Դեկտեմբերին յայտարարեց, թէ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը 8 Հոկտեմբերին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին երկու անգամ ռմբակոծեցին՝ ծրագրուաած կերպով` խախտելով պատերազմի միջազգային կանոնները: «Մշակութային […]
Միջ-եկեղեցական Երիտասարդական Աղօթք Արցախի Նահատակներուն Համար
Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական միջ-եկեղեցական աղօթք, կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) եւ մասնակցութեամբ Միջին Արեւելքի մէջ գործող հայ թէ օտար ուսանողական ու […]
Երեքշաբթի Ժամը 12։00-էն Սկսեալ Գործադուլ, Դասադուլ Եւ Բողոքի Զանգուածային Ցոյցեր (տեսանիւթ)
Երեքշաբթի՝ Դեկտեմբեր 22-ին, ժամը 12։00-էն սկսեալ, ամբողջ Հայաստանի տարածքին յայտարարուեցաւ գործադուլ, դասադուլ եւ անհնազանդութեան զանգուածային բողոքի ցոյցեր։ Այս մասին կը յայտնէ Yerkir.am-ը։ «Ժամը 12։00-ին կը հաւաքուինք Հանրապետութեան հրապարակ եւ կը […]
Խծաբերդի Ուղղութեամբ Այս Օրերուն Անհետ Կորսուած է Շուրջ 60 Զինծառայողէ Բաղկացած Ստորաբաժանում Մը․ ԱՀ ՄԻՊ
Հայ նոր ռազմագերիներուն վերաբերեալ տեղեկութեան շուրջ կապ հաստատած եմ շարք մը մարմիններու եւ այնտեղ գտնուող որոշ զինծառայողներու հետ: Այս մասին գրած է ԱՀ ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեան։ «Ըստ իմ հաւաքագրած նախնական […]
Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի Արցախի Համար Մարդասիրական Օգնութիւնը Հայաստան Հասաւ
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի ու Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի կողմէ կազմակերպուած Արցախի հայութեան համար մարդասիրական օգնութեան ծրագիրը՝ իր երեք շաբթուան վրայ երկարած տեւողութեամբ բարւոք աւարտին հասաւ եւ Շաբաթ՝ […]
150 Գիտնականներ Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Փրկութեան Հարցով Դիմեցին Պապին
Աշխարհի տարբեր երկիրներու գիտական հաստատութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներու եւ գիտնականներու ստորագրութեամբ խնդրագիր մը ներկայացուեցաւ պապական աթոռի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան փրկութեան վերաբերեալ, կը հաղորդէ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը: […]
Արցախին Զօրակցելու Կարելիութիւնները Քննուեցան Նեւատայի Ծերակուտականներուն Հետ
Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբին համաատենապետներ՝ իրաւաբաններ Լենա Յովհաննիսեան եւ Հերա Արմէնեան, ինչպէս նաեւ Նեւատայի համալսարանի Լաս Վեկասի մասնաճիւղի դասախօս փրոֆ. Ռաֆյէլ […]










