Այսօր Կը Սկսի Մեծ Պահքը, Բոլոր Տեսակի Մեղքերէ Հրաժարելու Շրջանը

Այլեւայլ, Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր, Հայ առաքելական եկեղեցին, կը սկսի Մեծ Պահքի շրջանը, որ կը տեւէ 48 օր` Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան (Զատկի) տօնի նախօրէն, որ այս տարի Ապրիլ 4-ին է:

Պահքի շրջանին կ՝օգտագործի բացառապէս բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք՝ հրաժարելով ոչ միայն որոշ կերակուրներէ, այլեւ մոլի սովորութիւններէ, շատախօսութենէ, ստախօսութենէ, հայհոյանքէ եւ այլ մեղքերէ: Կերակուրէն հրաժարիլը՝ առանց մեղքերէն ետ կանգնելու` անօգուտ է:

Մեծ Պահքը ունի եօթը Կիրակի, եօթը յիշարժան օր. Բուն Բարեկենդան, Արտաքսում, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ:

Պահքի 40 օրը կը խորհրդանշէ անապատին մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը: